ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Աննախընթաց հրաւէր.
Պսակադրութեան խորհուրդի մը նորոգում.
Մօտաւորապէս 30 տարի առաջ, Արեւելքէն Արեւմուտք գաղթած ծանօթ բարեկամի մը հրաւէրն է այդ մէկը. օրին, ինչ եւ ինչ պատճառներով, հապճեպ, «լասվեկասեան» ամուսնութեան մաս չկազմած հարազատներու, ազգականներու ու բարեկամներու համար տրուած ձեւով մը յապաղած հարսանիք։
Ո՛չ հայկական, բայց ամերիկեան, որդեգրուած, ընդունելի սովորութիւն։
Ընդառաջելով հրաւէրին՝ որոշուած օրը ընտանեօք կ՛ուղղուինք հարսանեաց սրահ, ուր չկային ամէն կողմէ ցուցամոլութիւն բուրող զարդարանքներ, չկար ուտելիքներու անհամար տեսականիի արշաւ. իր պարզութեան ու բաւարարութեան մէջ նպատակը արդարացնող կոկիկ հաւաքոյթ մըն էր տրուածը:
Սրահէն ներս, երաժշտութեան մեղմ եղանակներուն հետ, արդէն իսկ երեք զաւակներու գուրգուրոտ ու պատասխանատու հայր դարձած օրուան փեսային դէմքը դիտելով՝ կը փոխադրուիմ հոն, ուր տակաւին մանուկ էր. կը յիշեմ վաղամեռիկ հայրը, կը մտաբերեմ նիւթական դժուարութիւններու մէջ անձնական իր ճիգերով միայն զաւակ մեծցնող մայրը, ու առած այդ որոշումը գնահատած՝ զինք աւելի մօտէն դիտելով ուրախութիւնս յանկարծ բազմապատկուեցաւ, երբ տուփիկէ մը դուրս հանուած ոսկեայ շղթայով մըն ալ զարդարեց արդէն իսկ տարիներու կին ու մայր դարձած օրուան հարսին վիզը։
Ահաւասի՛կ, այր եւ տինկոջ միջեւ եղած փոխադարձ յարգանք, փոխադարձ արժեւորում, բան մը, որ այս օրերուն՝ հակառակ խաբուսիկ հրճուանքներով լեցուն մրցակցաբար տեղի ունեցած այնքան մեծ ու փառաւոր հարսանիքներուն, սկսած է պակսելու, չըսելու համար՝ անյայտանալու՝ տեղի տալով դարձեալ որդեգրուած, բայց անընդունելի, իրական տանջանքներ պատճառող «Restraining Order»ներով ապահարզաններու։
Այս մտածումներովս չեմ գիտեր թէ ո՛ւր հասայ եւ ո՛ւր կրնայի հասնիլ տակաւին, բայց շատ լաւ գիտեմ, որ ինքզինքս գտայ այն ատեն միայն, երբ ուշադրութիւնս գրաւած պարահարթակին մէկ կողմէն միւսը անցնիլ ուզող երկու այր մարդ, մէկը ծանօթ, միւսը՝ անծանօթ, մօրս մօտենալով՝
– Քոյրի՛կ, նայէ՛, ո՞վ է քովինս,- ըսաւ առաջինը։
Քոյրիկը նայեցաւ, երկար նայեցաւ, բայց չճանչցաւ։
– Հեռո՛ւ-հեռո՛ւ գնա. յիսուն վաթսուն տարի առաջ. փողոցը միասին կը խաղայինք։ Դպրոցն ալ հետդ միասին նոյն դասարանն էի,- աւելցուց քովինը:
Ու մօրս դէմքին վրայ զինք չճանչնալու արտայայտութիւնը տակաւին երկարած, երբ հազիւ՝ «Մաքրուհի՜, Մաքրուհի՜, այս որքա՛ն փոխուած ես», ըսաւ:
Անակնկալի եկած, կապոյտ աչքերուն մէջ երեւցող անբացատրելի փայլքին հետ, կասկածով մը «Արտաւազդ, դո՞ւն ես», կմկմաց. ու հարցականի տակ առնուած այդ ինքնութիւնը տիրոջ աչքերուն մէջ ու ժպիտին հետ պայծառանալով՝ «Այս, ուրկէ՜ ուր», աւելցուցած՝ զինք ճանչցաւ մայրս։
Հալէպ ծնած, Հայաշէն մեծցած ու Ամերիկա գաղթած նախակրդարանի մէջ երրորդ դասարանի ընկերներ, 60 տարի ետք, պատահականօրէն նոյն սեղանին շուրջ կը գտնուին։
Երեւակայութեան թռիչքով մը, իրենց ըրած չարաճճիութիւններուն մասին, ինչե՜ր կը սպասէի, որ այդ երկուքը իրարու պատմէին, բայց այդպէս չեղաւ. մօրս իրեն ուղղած սովորական հարցումներուն՝ տուն, գործ, ընտանիք, միայն ու միայն գլուխը շարժելով՝ «Մաքրուհի՜, Մաքրուհի՜, ի՜նչ աղուոր աղջիկ էիր, այս ի՞նչ եղած ես» տուած իւրաքանչիւր պատասխանին հետ, մէյ մը յառաջաբան, մէյ մըն ալ վերջաբան լսելով, «Այս որքա՞ն աղուոր եղած եւ որքա՞ն փոխուած պիտի ըլլայ. ես իր աղջիկն եմ», ինքզինքս ներկայացնելով միջամտեցի. «Իր մանկութիւնը կամ երիտասարդութիւնը կը յիշեցնեմ այնպէս չէ՞»։ Ու ձեռքը օդին մէջ շարժելով՝ այս անգամ «դուն ո՜ւր, Մաքրուհին ո՜ւր» հազիւ պատասխանած, քովս նստող 20ամեայ, տաքարիւն կրտսեր եղբայրս, իմ հաշւոյս կարծես վիրաւորուած՝ ինծի դարձաւ ու ակռաները կճռտելով՝ «Այս մարդը եթէ անգամ մըն ալ «Մաքրուհի՜, Մաքրուհի՜» կրկնէ, գիտե՞ս ի՛նչ պիտի ըլլայ», ըսաւ։ «Գիտեմ. սասունցի մեր պապան գերեզմանէն դուրս պիտի գայ», կատակեցի։
Ու հաճելի այդ մթնոլորտին մէջ քոյրերով ու եղբայրներով միասին, մօրս հետ ու մօրս համար ուրախացած՝ որոշ բարեմաղթութիւններով օրուան մեր հիւրը հազիւ մեզմէ բաժնուած էր, երբ՝
– Մա՛մ, ի՞նչ տեսակ աշակերտ եղած էր այդ դասընկերդ,- հարցուցի։
– Դասարանին ամէնէն խելացին, ամէնէն աշխատասէրն ու ամէնէն գեղեցիկն էր, աղջի՛կս,- պատասխանեց։
Հո՛ս, երեւակայութիւնս սրած, շարան մը հարցումներ հարցնելու ախորժակովս կարծես հանդիպումը գրի առնելու պատրաստակամութիւն մըն ալ մայրական նախազգացումով աչքերէս կրահած՝
– Չըլլայ, չըլլայ, որ ընես. ամէն բանի մասին չի գրուիր,- ըսաւ։
– Բայց դպրոցէն այդպէս սորված ենք. ինչ որ տեսար, անիկա գրէ։
– Տեսած պարապ-սարապ բաներու մասի՞ն ալ։
– Ի՞նչ կ՛ըլլայ որ մա՛մ,- միջամտեցին քոյրերս,- երանի՜ թէ մեր դասընկերներէն մէկը եղած ըլլար այդ եկողը: Ու իրենց ոչինչ պատասխանելով ինծի դարձած՝ հազիւ լսելի ձայնով մը զգուշացնելու պէս՝
– Եթէ ընես, կը նեղուիմ, շատ կը նեղուիմ, հաւատա՛,- աւելցուց շրթունքներուն ծայրը երեւցող զսպուած ժպիպով մը։
Ու ընկերական այնքան բարի ու անմեղ պատահական այդ հանդիպման մասին մատիտ չշարժելու խոստումով ինքզինքս պատճած, բայց զինք գոհացուցած՝ տուն վերադարձանք։
Չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ յիշողութեանս մէջ տակաւին իր թարմութեամբ կարծես երէկ եղած ըլլար այդ հաւաքոյթը, բայց այդ օրէն ի վեր, արդէն իսկ անցած են տարիներ, ու մօրս հետ կապուած ամէ՛ն ինչ, ամէ՛ն ինչ, դարձած է յիշատակ, մանաւանդ՝ ծննդեան տարեդարձի օրը՝ Փետրուար 14, երբ եօթը զաւակներով շրջապատուած, իւրաքանչիւրէն ստացած պզտիկ նուէրի մը հետ, փոխադարձ շնորհակալութեան քաջալերանքի ու համբերատարութեան քաղցր ու շինիչ խօսքերով ուրախացաւ եւ ուրախացուց բոլորս։
Այսօր չկայ ծննդեան տարեդարձ, բայց կայ ու պիտի մնայ տակաւին այդ օրը ապրեցնող, իրմէ ո՛չ այնքան ուշ եւ ո՛չ այնքան հեռու պատառ մը հողի տակ պառկած Հրանդէն՝ նմանութեամբ ու նկարագրով զինք յիշեցնող միջնեկ տղայէն, ստացած վերջին նուէր։
Չկայ մայր, բայց կայ Մայրերու օր, որուն առիթով աչքերս իր նկարին յարած՝ զինք շնորհաւորելու փոխարէն, կ՛ըսեմ.
«Ներէ՛ ինձ, մա՛մ, որ խոստումս դրժեցի»։
Շատ հաճելի ոճով նկարագրուած՛ այժմէական մեր առօրեայէն դրուագ մը՛ միևնոյն ատեն ընդգրկելով մեր այս օրերու ընկերային ու ընտանեկան մտահոգիչ ու տխուր իրականութիւններ՛ անտեղի ցուցամոլութիւն՛ անտեղի շռայլութիւն՛ մրցակցութիւն ՛ նախանձ, բարոյագիտութեան՛ փափկանկատութեան ու քաղաքավարութեան պակաս՛ նա մանաւանդ զանազան անձնական պատճառաբանութիւններով՛ բազմաթիւ ամուսնալուծումները պատճառ դառնալով ընտանեկան ու բարեկամական կապերու խզումի՛ ․
Նոյնանման հանդիպում մը երբ տեղի ունեցած էր մօրաքրոջս հետ՛ իր խնամիական կապերէն պարոնի մը հետ ՛ քառասուն տարիներ ետք՛ ան թէև անանկնկալի եկած իրեն ուղղուած վիրաորական արտայայտութենէն թէ՛ – Օհհհհ՛ աս որքան փոխուէր ես՛ ուր են այդ երիտասարդութեան երկար մազերդ՛ մօտէլ մըն էիր՛ մօտէլ – ան ինքնազուսպ ու պաղարիւն կերպով կը պատասխանէ ըսելով՛ – կ՛երևի դուն ձեր տունը հայելի չ՛ունիս – 🙂
Անգլերէնով այս խօսքը որքան իմաստալից է ՛ – Eventually you’ll be someone’s memory, make it a good one – Կեանքի փորձառութիւնը կը սորվեցնէ թէ իսկապէս՛ վերջ ի վերջոյ իւրաքանչիւրս մի միայն յուշ մըն ենք՛ ու կեանքը շոգիի նման է՛ որ կարճ ատենուայ մը համար տեսանելի է՛ ու ետքը կ՛անհետանայ՛
Սիրելի հանգուցեալ մօրդ յիշատակը օրհնեալ ըլլայ՛
Լօրա՛