ՓԱՐԻԶ.- Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (AGBU) «Պօղոս Նուպար» գրադարանի նախաձեռնութեամբ, Ֆրանսայի մէջ ֆրանսերէնով լոյս տեսած է «Ժամանակակից հարցերու հայկական հանդէս»ի 11րդ թիւը: Անիկա ամբողջութեամբ նուիրուած է Լեռնային Ղարաբաղին, անոր դիմաց ծառացած խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ ղարաբաղա-ատրպեճանական հակամարտութեան:
Ֆրանսայի մէջ ԼՂՀի մշտական ներկայացուցչութեան տուած տեղեկութեան համաձայն, պարբերաթերթին մէջ տպուած են հարցազրոյցներ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նախկին համանախագահ Վլատիմիր Կազիմիրովի, հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպիի եւ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր, Հարաւային Կովկասի երկիրներու հետ Խորհրդարանական համագործակցութեան յաձնաժողովի անդամ Եւկենի Կիրիլովի հետ:
«Ժամանակակից հարցերու հայկական հանդէս»ի ապրիլեան սոյն թիւին մէջ յօդուածներ գրած են նաեւ հանդէսի գլխաւոր խմբագիր, Աշխարհաքաղաքականութեան ֆրանսական հիմնարկի դասախօս Ռէմոն Գէորգեանը, իրաւաբան, միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Ժերար Կերկերեանը եւ Ֆրանսայի մօտ ԼՂՀի մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.