ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան եւ Ատրպատականի Հայոց թեմի վախճանեալ առաջնորդ Նշան եպս. Թօփուզեանի վերջին օծման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 2ին, Երեւանի Քանաքեռ շրջանի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագին ընթացքին։ Պատարագը մատուցեց Ս. Էջմիածինի Մայր տաճարի լուսարարապետ Արարատ եպս. Գալթաքճեանը, իսկ օծման կարգը կատարեց Արամ Ա. վեհափառի ներկայացուցիչ, Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը:
Արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, ինչպէս նաեւ Ս. Էջմիածինի միաբան հայրեր։
Երեւանէն Նշան եպս. Թօփուզեանի մարմինը փոխադրուեցաւ Թաւրիզ, ուր, Մայիս 5ին տեղի ունեցաւ թաղման կարգի եկեղեցական արարողութիւնը, եւ ապա՝ Թաւրիզի Հայոց գերեզմանատան մէջ վախճանեալ եպիսկոպոսի մարմինին ամփոփումը
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.