ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի ՀՕՄի «Սոֆիա» մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի, Մայիս 2ին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը՝ նուիրուած Մայրերու օրուան, ներկայութեամբ աւելի քան 150 ընկերուհիներու, համակիրներու եւ անոնց պարագաներուն: Սրահի մուտքին, վեց երիտասարդ- երիտասարդուհիներ, հայկական պատմական տարազներով զգեստաւորուած՝ եկուորները ծաղիկներով դիմաւորելէ ետք զանոնք սրահ կ՛առաջնորդէին:
Ճաշկերոյթի հանդիսավարն էր Անի Սանիկեան. ան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք բեմ հրաւիրեց Գայիանէ Աճեմեանը՝ «Հայր Մեր»ը երգելու, ապա շրջանիս հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեանը՝ սեղաններուն օրհնութիւնը կատարելու:
Ճաշի ընթացքին, վեց երիտասարդ-երիտասարդուհիները, սեղանները այցելելով՝ սեղանակիցներուն հետ լուսանկարուեցան, իսկ Աստղիկ Գէորգեան, ճաշկերոյթը ծաղկեցուց դաշնամուրի վրայ նուագելով Ա. Պապաճանեանի եւ Ա. Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններէն:
Օրուան հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց շրջանիս «Սոֆիա» մասնաճիւղի ատենապետուհի Անժէլ Օհաննէսեանը, որ ըսաւ. «Շատ ուրախ ենք, որ խուռներամ ընդառաջեցիք վարչութեան հրաւէրին, միասնաբար տօնելու Մայրերու օրը: Այս տարի, ինչպէս գիտէք, ՀՕՄի 100ամեակն է եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ օգնութեան միութեան Պատգամաւորական ժողովը տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի մէջ, Յուլիս 15-18 օրերու ընթացքին. վստահ ենք, որ մեր ընկերուհիները եւ համակիրները պիտի քաջալերեն եւ ներկայ պիտի գտնուին հանդիսութիւններուն»:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց շրջանիս երեք վաստակաշատ ընկերուհիները՝ Էմմա Լաջինեան, («Մայր» մասնաճիւղ), Սրբուհի Մըսրլեան («Սոֆիա»), որոնց յատուկ յուշատախտակով պարգեւատրեց, եւ Մարի Տէր Սիմոնեանը, որ տարուան լաւագոյն մայրը հռչակուեցաւ: Այս առիթով, Շողիկ Պապոյեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Նայիրա Շահսուվերեանի, երգեց Աճեմեանի «Մայրիկ» երգը: Ապա վաստակաշատ ընկերուհիներուն կենսագրականները ներկայացուեցան՝ բուռն ծափերով գնահատուելով:
Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիին սրահին մէջ պարզուած խանդավառ մթնոլորտը իրապէս գնահատելի էր եւ պատիւ կը բերէր կանացի այս մեծ կազմակերպութեան, որուն 100 ամեակի տօնակատարութիւնները ամէնուրեք մեծ հանդիսութիւններով կը կատարուին: