ՀՕՄի Երրորդ Եւ Չորրորդ Տասնամեակներ (1930-1950)
ՀՕՄի գործունէութեան երրորդ եւ չորրորդ տասնամեակները հայ ժողովուրդի ֆիզիքական ու ազգային գոյութեան պահպանման գործով կը յատկանշուի: Ամէն գնով, նախ փրկել հայը ֆիզիքական կորուստէ, ապա հոգ տանիլ անոր ազգային զարգացման: Չէ՞ որ հայ ազգին կէսը խոշտանգուած եւ կորած էր: Այլեւս ինչպէ՞ս չգուրգուրալ մնացորդացին ամէն մէկ մասնիկին վրայ:
Փորձենք ամփոփել 1930-1950 տարիներուն Հայ Կարմիր Խաչի պատկառելի վաստակը:
1.- ՏԱՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ
Եղեռնէն ետք, բազմահազար հայ տարագիրներ կեդրոնացած էին Յունաստանի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի, Իրանի եւ Ֆրանսայի Մարսէյլի շրջանը: Միայն Յունաստանի մէջ 70,000 եւ աւելի տարագիրներ կային: Անոնք հագուստի, կօշիկի, դեղերու, բնակարաններու եւ գործի պէտք ունէին: Ամերիկայի Հայ Կարմիր Խաչի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր տեղական եւ շրջանային մասնաճիւղերով գործի կը լծուի եւ օգնութիւն կը հասցնէ՝ դրամով, հագուստեղէնով, դեղերով եւ գրենական պիտոյքներով: Կը բացուին դեղատուներ, կազդուրման կայաններ եւ ձրի սեղանատուներ: Յունաստանի եւ Սուրիոյ մէջ արհեստանոցներ կը հիմնուին եւ ապաստանարան մը՝ Հալէպի մէջ:
2.- ՆՇԱՆ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆ
Մեծ Եղեռնէն ետք, հայ բեկորները բնականաբար իրենց ֆիզիքական գոյութեան հետամուտ էին, բայց ազգ մը գոյատեւելու համար լեզուի եւ մշակոյթի պէտք ունի: Եւ ահա մեծանուն երկու մտաւորականներ՝ Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան սքանչելի գաղափար մը կը յղանան՝ հիմնել Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական «Համազգային» Ընկերութիւն մը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ հայապահպանում եւ ազգային ոգիով հայ մտաւորականներու պատրաստութիւն:
Հայ Կարմիր Խաչը իր 1929ի Պատգամաւորական Ժողովին, հաստատ հաւատալով, որ հայ ազգը կրնայ գոյատեւել հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանմամբ – տակաւին Ճեմարանը չբացուած կը քուէարկէ եւ 3000 տոլար կ՛ուղարկէ հիմնադրամներուն:
Փետրուար 24, 1930ին, Պէյրութի մէջ, «Համազգային»ի Ճեմարանը պաշտօնապէս կը բացուի եւ 1934ին իր առաջին հունձքը կու տայ՝ ութ շրջանաւարտ, որոնցմէ վեցը՝ Հայ Կարմիր Խաչի սաներ:
Ամերիկայի մէջ տիրող տնտեսական ծանր տագնապին պատճառով, 1930-1942, Հայ Կարմիր Խաչը Ճեմարանին կը յատկացնէ տարեկան 2500 տոլար, ապա աւելի լաւ պայմաններու տակ՝ 1942-1955, տարեկան 5000 տոլար: 1955էն ետք, Ճեմարանը ինքնաբաւ կը դառնայ, բայց Հայ Կարմիր Խաչը կը շարունակէ տարեկան 1550-3000 տոլար ղրկելով՝ սան-սանուհիներ պահել: Նաեւ Ամերիկայէն՝ Հայ Կարմիր Խաչը սան-սանուհիներ Ճեմարան կը ղրկէ, որպէսզի հայերէն լեզու եւ պատմութիւն սորվին եւ աւելի հայացած վերադառնան Ամերիկա ու օգտակար ըլլան իրենց շրջապատին:
1948 Սեպտեմբեր 10ին, Լեւոն Շանթա Ամերիկա կու գայ, «Համազգաին»ի Ճեմարանին նոր գնուելիք շէնքին համար հանգանակութիւն ընելու: ՀՅԴ Կոմիտէներու եւ Հայ Կարմիր Խաչի մասնաճիւղերու օգնութեամբ՝ քանի մը ամիսներու ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ հանգանակել 127,000 տոլար: Նաեւ, Փալանճեան քոյրեր, իրենց եղբօր՝ Նշան Փալանճեանի յիշատակին կը նուիրեն 20,000 ոսկի: Այս զոյգ գումարներով Ճեմարանը տէր կը դառնայ ընդարձակ պարտէզով եւ ամէն յարմարութիւններով գեղեցիկ շէնքի մը, որ կը կոչուի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարան, իսկ նորկառոյց մանկապարտէզի շէնքին ճակատը կը դրուի Հայ Կարմիր Խաչի անունը:
Յիշենք նաեւ, որ 1954ին, Ճեմարանը ինքնաբաւ դարձնելու նպատակով՝ Ամերիկայի մէջ, Սիմոն Վրացեանի հովանաւորութեամբ՝ դարձեալ հանգանակութիւն մը տեղի կ՛ունենայ: Հայ Կարմիր Խաչը դարձեալ տքնաջան աշխատանքի կը լծուի եւ կը հաւաքուի 140,000 տոլար:
«Նշան Փալանճեան» Ճեմարանը հազարաւոր որակաւոր շրջանաւարտներ տուած է, որոնցմէ շատեր անցեալին եւ այսօր բախտորոշ դեր կատարած են եւ կը կատարեն մեր ազգային-հասարակական կեանքին մէջ:
3.- ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
Հայ գաղթականները հազիւ իրենք զիրենք գտած, քիչ մը տուն տեղ եղած, 1939ին կը պայթի Բ. Համաշխարհային պատերազմը: Բոլորին աչքերը ուղղուած են Ամերիկա: Աղէտեալ գօտիներէն օգնութեան կոչերը կը սաստկանան: Կարելի չէր Կարմիր Խաչի սովորական հասոյթներով օգնութեան հասնիլ բոլորին: Հայ Կարմիր Խաչի Կեդր. Վարչութիւնը կը փափաքի հանգանակութիւն մը ընել, բայց արդէն Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) բարեսիրական ու քաղաքական նպատակներու համար հանգանակութիւններ կը կատարէին այդ օրերուն: Կեդրոնական Վարչութիւնը կ՛որոշէ նուիրատուութեան սիւնակ մը բանալ թերթին մէջ: Բ. Համաշխարհային պատերազմի աղէտեալներուն համար, այս սիւնակէն առաջին տարին կը գոյանայ 13,000 տոլար, երկրորդ տարին՝ 16,00 տոլար, երրորդ տարին՝ 26,000 տոլար: 1944-45ին, երբ աւարտած էին միւս հանգանակութիւնները, Հայ Կարմիր Խաչը հանգանակութիւն մը կը կազմակերպէ եւ տարուան վերջաւորութեան 116,232 տոլար կը հաաւաքէ: Նուիրատուութեան սիւնակը բաց պահելով մինչեւ 1951, Բ. Համաշխարհային պատերազմի աղէտեալներուն համար հաւաքուած գումարը կը հասցնէ 277,805 տոլարի:
Հայ Կարմիր Խաչի Կեդրոնական Վարչութիւնը շատ կը մտահոգուի Հայաստանի ազգակիցներով: Կ՛ուզէ հագուստ, կօշիկ, դեղ, ուտելիք ղրկել: Խորհրդային Միութիւնը, անդամ չըլլալով Միջազգային Կարմիր Խաչին, այս վերջինը ապրանքները չի կրնար փոխադրել Հայաստան, իսկ Անտրէ Կրոմիքոն, որ Խորհրդային Միութեան դեսպանն էր Ուաշինկթընի մէջ, կը թելադրէ միայն դրամ ղրկել: Կեդր. Վարչութիւնը 10,000 տոլար կ՛ուղարկէ դեսպանին միոջոցով եւ կը խնդրէ, որ գործածուի Հայաստանի հիւանդանոցներուն, մայրանոցներուն եւ առողջապահական այլ կարիքներու համար: Կարելի չէ եղած ստուգել, թէ այդ գումարը Հայաստան հասա՞ծ է թէ՝ ո՛չ:
Հայ Կարմիր Խաչի ղեկավար մարմինները շատ կը մտահոգուէին Հայաստանի ժողովուրդով: Գերմանիոյ ճակատը հայ զինուորներ կը սպաննուին կամ գերի կը բռնուին: Կը դիմեն Բ. Համաշխարհային պատերազմի Աղէտեալներու Օգնութեան Ռուսական Ընկերութեան (Russian War Relief), որ յանձն կ՛առնէ 10,000 տոլարով Հայաստան փոխադրել դեղեր, հիւանդանոցային պիտոյքներ, բուրդէ վերմակներ, խտացած կաթ, պահածոներ եւ Կարմիր Խաչի հաւաքած 10 հսկայ հակ ձմրան հագուստեղէն: Այս առաքումին մասին ալ Կարմիր Խաչի Վարչութիւնը Հայաստանէն լուր չի ստանար, եւ սակայն, 1945ին, դարձեալ 10,000 տոլար արժողութեամբ վիրաբուժական գործիքներ եւ 15,000 տոլար արժողութեամբ դեղեր կը ղրկէ Խորհրդային Հայաստան, Russian War Relief-ի միջոցաւ:
Բ. Համաշխարհային պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, հանդերձահաւաքը կ՛ըլլայ խաչուհիներու ամէնօրեայ գործը: Մասնաճիւղերու անդամները գործածելի հագուստներ հաւաքելով կը ղրկեն Հայ Կարմիր Խաչի մթերանոցը՝ Պոսթըն: Քանի մը տարի ետք, Հայ Կարմիր Խաչը միանալով ՀԲԸՄին, բոլոր ծրարները կը ղրկէ Բարեգործականի մթերանոցը՝ Նիւ Եորք, եւ անկէ ետք նաւերով կ՛առաքէ Լիբանան Սուրիա, Իրաք, Ռուսիա եւ Յունաստան:
Այդ տարիներուն, սնունդի եւ դեղերու չգոյութեան պատճառաւ՝ թոքախտ, մալարիա, թրախոմա եւ այլ հիւանդութիւններ համաճարակի բնոյթ կը ստանան Ֆրանսայի, Յունաստանի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ: CAREի միջոցով, Հայ Կարմիր Խաչը սնունդի եւ մանաւանդ դեղերու ծրարներ այս շրջանները կը հասցնէ: Սնունդի ծրարներ կը ղրկէ նաեւ Զուիցերիա, Պելճիքա, Վենետիկ եւ Վիեննա գտնուող տարագիրներուն եւ գերի ինկած զինուորներուն:
Վենետիկի եւ Վիէննայի Մխիթարեան հաստատութիւնները ռմբակոծումներէ վնասուած էին: Հայ Կարմիր Խաչը նիւթական օգնութիւն կը հասցնէ:
Պոլսոյ Ազգային հիւանդանոցը եւ Պատրիարքարանը, կառավարական ծանր տուրքերու պատճառով, 1943ին հասած էր սնանկութեան դուռը: Հայ Կարմիր խաչը 4020 տոլար Նարոյեան Պատրիարքին կը ղրկէ, խոստանալով յառաջիկային դարձեալ գումարներ ուղարկել:
Պատերազմի աղէտեալներուն համար Ամերիկեան Կարմիր Խաչի կոչերուն անսալով, Հայ Կարմիր Խաչը 2500 տոլար կը նուիրէ, նաեւ, իր անդամուհիները Ամերիկեան Կարմիր Խաչի աշխատանոցները կ՛ուղարկէ, վիրակապեր պատրաստելու եւ ծրարելու համար: Հայ Կարմիր Խաչը նոյնպէս ֆրանսական նպաստամատոյցին 1400 տոլար կը նուիրէ, իսկ յունական նպաստամատոյցին՝ 1000 տոլար:
Հայ Կարմիր Խաչի Բ. Համաշխարհային պատերազմի աղէտեալներուն համար հանգանակած 277,805 տոլարը ո՞ւր ղրկուեցաւ 1941-1954 տարիներուն: Ներկայացնենք ցանկը.-
Հայաստան – 45,000 տոլար.
Լիբանան – 38,425 տոլար.
Յունաստան – 15-650 տոլար.
Թրակիա-Մակեդոնիա – 2650 տոլար.
Սուրիա – 24,500 տոլար.
Իրաք 6550 տոլար.
Իրան 5500 տոլար.
Ֆրանսա – 10,200 տոլար.
Աղէտեալ հայերու զանազան երկիրներ 39,300 տոլար.
Յորդանան 11,500 տոլար.
Երուսաղէմ 6500 տոլար.
Պոլիս 4020 տոլար.
Նարոյեան Պատրիարքին 4300 տոլար.
Այնճար 400 տոլար.
Բուժարանին 2000 տոլար.
Պելճիքա – 1200 տոլար.
Զուիցերիա – 1100 տոլար.
Իտալիա – 1200 տոլար.
Գերմանիա (Շթութկարտ) 2525 տոլար.
ԱՆՉԱ-տարագիրներու 25,000 տոլար.
Վիեննա – 1200 տոլար.
Վենետիկ 1800 տոլար.
Ամերիկեան Կարմիր Խաչ 2500 տոլար.
Յունական նպաստամատոյց ընկերակցութիւն 1400 տոլար.
Սնունդի ծրարներու եւ դեղերու 34,650 տոլար.
Դեղերու եւ հագուստեղէնի 11,500 տոլար.
Պատերազմի ճակատը գտնուող զինուորներու ծրարներ 5750 տոլար.
Աղէտեալներու յատկացուած ընդհանուր գումար՝ 306,820 տոլար:
Հանգանակուած գումարէն 29,015 տոլար աւելի Հայ Կարմիր Խաչը իր գանձանակէն յատկացուցած է:
4.- «ՔԱՐԷՆ ԵՓՓԷ» ՃԵՄԱՐԱՆԸ
1947 Հոկտեմբեր 21ին, Հալէպի մէջ, «Քարէն Եփփէ» Ճեմարանը իր դուռները կը բանայ հայ երկսեռ աշակերտութեան համար:
Քարէն Եփփէ, 28 տարեկան դանիացի օրիորդ մը, իր հօրենական տունը կը ձգէ, կու գայ Արեւմտեան Հայաստան եւ 1913-1935 իր կեանքը ի սպաս կը դնէ հայ որբերուն, հիւանդներուն եւ տարագիրներուն, Ուրֆայի եւ Հալէպի մէջ: Ան որբերու ազատագրութեան համար շատ ջանք կը թափէ: Հալէպի մէջ ձեռագործի տուն մը եւ ատաղձագործարան մը կը հիմնէ, որպէսզի ջարդերէն ճողոպրած հայ այրերն ու կիները կարենան աշխատիլ եւ ինքնաբաւ դառնալ:
Հայացած եւ բոլորովին հայախօս դարձած մարդասէր եւ գթասիրտ այս կինը, 1935ին կը մեռնի եւ Հալէպի հայոց գերեզմանատունը կը թաղուի: Իր դանիացի յաջորդները իր անունը յաւերժացնելու համար 10,000 քառ. մեթր տարածութեամբ հող մը Հալէպի Ազգային Վարչութեան կը յանձնեն, որպէսզի անոր վրայ կառուցի հայկական երկրորդական վարժարան մը՝ «Քարէն Եփփէ» Ճեմարան անունով:
Բացի սուրիահայ Օգնութեան Խաչի օժանդակութենէն, Ամերիկայի Հայ Կարմիր Խաչը «Քարէն Եփփէ» Ճեմարանի հիմնադրութեան թուականէն ի վեր, տարեկան 3500 տոլար կը յատկացնէ վարժարանին:
Այս Ճեմարանն ալ «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի նման, Սփիւռքի հայապահպանման զօրաւոր բերդերէն մէկը կը հանդիսանայ, շնորհիւ 1953էն ի վեր իր հասցուցած հայեցի դրոշմով եւ ազգային ոգիով երկսեռ աւարտականներուն:
5.- «ԱՆՉԱ»Ի ՏԱՐԱԳԻՐՆԵՐԸ
1946ի ձմրան, Ուաշինկթընի պատերազմական քարտուղարութենէն հայազգի Ճորճ Մարտիկեանին պարտականութիւն կը տրուի, որ Եւրոպա անցնի եւ քննէ ամերիկեան բանակի ուտեստեղէնի գործը:
Այս շրջապտոյտին ընթացքին է, որ Մարտիկեան իրազեկ կ՛ըլլայ, որ 4000 հայ գերիներ եւ տարագիրներ կան Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Աւստրալիոյ ճամբարներուն մէջ: Անոնք ռուսական բանակէն փախած գերիներ էին, կամ գրաւուած շրջաններէն եկած հայեր:
Մարտիկեան Ամերիկա վերադառնալէ ետք, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, փաստաբան Սուրէն Սարոյեանի, Զօր. Հ. Շէքէրճեանի եւ այլ բարեսէր ամերիկացիներու հետ կը հիմնէ «ԱՆՉԱ»ն (Armenian National Committee to Aid Homeless Armenians):
Ապա, Մարտիկեան, աջակցութեան համար Հայ Կարմիր Խաչի Կեդր. Վարչութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդր. Կոմիտէին կը դիմէ եւ դրական պատասխան կը ստանայ անշուշտ: Հայ Կարմիր Խաչը անմիջապէս 25,000 տոլար օգնութիւն կը հասցնէ տարագիրներուն: Նաեւ Շթութկարտի (Գերմանիա) մէջ, Հայ Կարմիր Խաչի մասնաճիւղ մը կը հիմնուի, որ Ամերիկայի Կեդր. Վարչութենէն ստացած դեղերու, հագուստի եւ սնունդի ծրարները տարագիրներուն կը բաժնէ: Հայ Կարմիր Խաչը ծրարներ կը ղրկէ նաեւ Աւստրալիոյ, Իտալիոյ եւ Լինցի մէջ գտնուող տարագիրներուն:
1947էն մինչեւ 1951, չորս տարուան ընթացքին, Ամերիկա կու գան աւելի քան 4000 տարագիրներ, ԱՆՉԱի միջոցով:
Խաչուհիները նախ տունէ-տուն կը շրջին, որպէսզի տարագիրներուն հովանաւորողներ գտնեն, ապա, նաւամատոյցներու եւ այլ ճամբորդական կայաններու մէջ զանոնք կը դիմաւորեն եւ հովանաւորողներուն կամ իրենց տուները տանելով հոգ կը տանին:
Տարագիրներուն Ամերիկա հասներէն ետք, զանոնք տեղաւորելու եւ այլ մեծագումար ծախսերը հոգալու համար, ԱՆՉԱն, Հայ Կարմիր Խաչը եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ընդհանուր հանգանակութիւն մը կը կազմակերպեն եւ 118,000 տոլար կը հաւաքեն: Ամերիկեան կառավարութիւնը եւս 150,000 տոլար կը յատկացնէ ԱՆՉԱին:
Ճորճ Մարտիկեան հրապարակային ելոյթներու ընթացքին միշտ կը կրկնէր, թէ «առանց Հայ Կարմիր Խաչին, կարելի պիտի չըլլար կատարել այս գործը»:
6.- ՀԱՅ ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՉԻ
ԱՆՈՒՆԸ
1910-1919 Հայ Կարմիր Խաչի պաշտօնական անունն էր «ՀՅԴ Կարմիր Խա»չ:
Հայաստանի Հանրապետութեան օրով, կապուելով Հայաստանի պետական Կարմիր Խաչին, Ամերիկայի Հայ Կարմիր Խաչը որդեգրեց Հայաստանի Կարմիր Խա»չ անունը հայերէնով՝ իսկ անգլերէնով՝ «Daugthers of Armenia» («Դստերք Հայաստանի»):
Հանրապետութեան անկումէն ետք, Ամերիկայի մէջ ան կոչուեցաւ հայերէնով՝ «Հայ Կարմիր Խա»չ, իսկ անգլերէնով՝ «Armenian Relief Corps», A.R.C. սկզբնատառերով:
Շփոթ չստեղծելու համար «American Red Cross»ին հետ, որուն սկզբնատառերը նոյնպէս A.R.C. են, 1946ի Պատգամաւորական Ժողովին, «Հայ Կարմիր Խա»չի անունը փոխուեցաւ, հայերէնով՝ «Հայ Օգնութեան Միութիւն» եւ անգլերէնով՝ «Armenian Relief Society» (A.R.C.): Եւ այսպէս կը կոչուի մինչեւ այսօր:
7.- ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՕՐԳԱՆԸ
Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնումէն ի վեր, թէեւ «Հայրենիք», «Ասպարէզ» եւ այլ թերթեր միշտ լայն էջեր յատկացուցած են ՀՕՄին, սակայն անդամուհիները փափաքած են սեփական ամսագիր մը կամ պարբերաթերթ մը ունենալ:
Վերջապէս, 1939ի Յունուարին լոյս կը տեսնէ Հայ Կարմիր Խաչի պարբերաթերթին առաջին թիւը: 1939-1946 թերթը կը կոչուի «Հայ Կարմիր Խաչ Պարբերաթերթ»: Անունի փոփոխութենէ ետք, 1946-1956, պարբերաթերթը կը կոչուի «Հայ Օգնութեան Միութիւն»: 1956էն սկսեալ մինչեւ օրս կը կոչուի «Հայ Սիրտ»:
«Հայ Սիրտ»ի նպատակն է, ո՛չ միայն տեղեակ պահել իր անդամները եւ հասարակութիւնը ՀՕՄի գործունէութենէն, այլեւ սատարել հայ կնոջ ընդհանուր եւ ազգային զարգացման:
1930-1950, Ամերիկայի մէջ հայ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան եւ հայ կնոջ ազգային զարգացման գործերը դարձեալ մեծ բծախնդրութեամբ առաջ կը տարուին:
Դարձեալ 1930-1947, Հայ Կարմիր Խաչի հինգ նոր շրջաններ կը հիմնուին: Անոնք են.- Լիբանան՝ 1930ին, Երուսաղէմ՝ 1932ին, Հարաւային Ամերիկա՝ 1933ին, Հայֆա՝ 1937ին, Ամման՝ 1947ին:
Ահաւասիկ Հայ Կարմիր Խաչի երկրորդ քսանամեակի ամփոփ տեղեկագիրը: Այս կոթողական գործերուն դիմաց, մենք միայն երկիւղածութեամբ կը շշնջանք. «Յարգանք Ձեզ, բի՜ւր յարգանք, ազգանուէր հայուհիներ»: