
ԵՐԵՒԱՆ, «Երեւակլուր».- ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Հիլտա Չոպոյեանի հետ կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին, ան յայտնած է, թէ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ պիտի սկսի նոր գործընթաց մը, քանի որ երկկողմանի յարաբերութիւններու հաստատման հարցը մնայուն խնդիր է երկու հարեւան երկիրներուն համար, եւ այդ հարցով տնտեսական ու ռազմավարական շահեր ունին գերտէրութիւնները:
«Կը կարծեմ, որ Հայաստանը այսօր գործընթացը մերժելու կարողութիւն չունի: Պէտք է գիտակցիլ, որ հարցը շատ բարդ ուժերու յարաբերութեան եւ շահերու բախման կէտին է, եւ անցեալէն դասեր քաղելով՝ շատ աւելի լուրջ ու զգոյշ պէտք է վերաբերինք խնդիրին հետ», ըսած է Հ. Չոպոյեան:
Ըստ անոր, Հայաստանի նախագահը եւս սկսաւ անհանգստանալու արձանագրութիւններու բարձրացուցած աղմուկէն եւ ստեղծուած անհանգիստ իրավիճակէն։ «ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ արձանագրութիւնները նկատի առնուած էին իբրեւ թեթեւ հարց, եւ անհրաժեշտ զգուշաւորութիւնը, ուսումնասիրութիւներն ու ուղղութիւնները ճշդուած չէին», աւելցուցած է ան: