ԱՄՄԱՆ, ՊՈԼԻՍ.- Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան հետ Չորեքշաբթի, Մայիս 12ին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Վեճտի Կէօնիւլ հաստատած է, թէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական համագործակցութիւնը հետզհետէ աւելի կը զարգանայ, իբրեւ փաստ բերելով այն իրողութիւնը, որ Թուրքիա 200 միլիոն տոլարի ռազմական օժանդակութիւն տրամադրած է Ատրպէյճանի եւ միայն մէկ օր առաջ թրքական եւ ատրպեճանական ընկերութիւններ զինամթերք եւ ռազմական այլ սարքաւորումներ արտադրելու համաձայնագրեր ստորագրած են: Նախարարը նաեւ աւելցուցած է, թէ Ատրպէյճան կրնայ մասնակցիլ նաեւ թրքական հրասայլերու եւ ուղղաթիռներու արտադրութեանց ծրագիրներուն:
Նախարարը Յորդանան կը գտնուի ներկայ ըլլալու համար հոն կայացող զինուորական ուժերու յատուկ գործողութեանց յատուկ «ՍՈՖԵՔՍ-2010» զէնքերու միջազգային տօնավաճառին, որուն կը մասնակցին աշխարհի տարածքէն 341 ընկերութիւններ:
Ամման կը գտնուի նաեւ Ատրպէյճանի ռազմական ճարտարարուեստի նախարար Եաւեր Ճամալով՝ նոյն նպատակով: Ճամալով յայտնած է, թէ ծրագրուած է յառաջիկայ տարի Ատրպէյճանի մէջ ռազմական արտադրութեան միջազգային ցուցահանդէս մը կատարել։ Այդպիսի ցուցահանդէսներուն կարեւորութիւնը բարձր գնահատելով՝ ան յայտնած է, թէ այս տարուան ընթացքին Ատրպէյճան երկու այլ միջազգային ցուցահանդէսներու պիտի մասնակցի։ «Այդ ցուցահանդէսներէն մէկը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերին՝ Լեհաստանի մէջ, իսկ միւսը Նոյեմբերին՝ Հարաւային Ափրիկէի մէջ։ Ատրպէյճան կը փորձէ այսպիսի ցուցահանդէսներու ճամբով աշխարհի մէջ իր ռազմական արտադրութիւնները ցուցադրել», ըսած է ան։
Միւս կողմէ, թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ բանակը թուրք գնդապետ մը նշանակած է իբրեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւի խորհրդական։ Այդ նշանակումը կատարուած է «Զինուորական մարզին մէջ կրթական, թեքնիք եւ գիտական համագործակցութեան» համաձայնագիրի ծիրին մէջ։ Օրաթերթը կը նշէ, որ 1996ին ստորագրուած համաձայնագիրին շնորհիւ, թուրք սպաները գործունէութիւն կը ծաւալեն ատրպեճանական զինուորական հաստատութիւններու եւ միաւորումներու մէջ։ Սակայն առաջին անգամն է, որ թուրք բարձրաստիճան զինուորական մը կը նշանակուի Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական։
Թուրք գնդապետ Իւնալ Էօտեմիշ Սաֆար Ապիեւի խորհրդականի պաշտօնը պիտի վարէ վեց ամիս։ «Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւններուն պատճառով սառնութիւն կը նկատուի Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ, Թուրքիոյ զինեալ ուժերը շատ վճռորոշ նշանակում կատարած են», կը մեկնաբանէ «Սապահ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.