ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթը Չորեքշաբթի, Մայիս 12ի թիւով կը գրէ, թէ Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան ընթացքին ամենայատկանշական նորութիւնը այն էր, որ իր ինքնութիւնը գաղտնի պահող վկան, որ դատավարութեան ընթացքին վկայութիւն կու տայ այլ սենեակէ մը ու անոր ձայնը կը փոխուի վկայութիւն կատարած ընթացքին, անգամ մը եւս պնդած է, թէ ոճրագործ Օկիւն Սամասթի կողքին, Տինքի սպանութեան պահուն ներկայ եղած են նաեւ Եասին Հայալ եւ անոր եղբայրը՝ Օսմանը:
Ըստ անոր, ան ոճիրին ականատես եղած է «Աքպանք» դրամատունէն դուրս գալու միջոցին: Ան նկատած է, որ Տինք շատ կարճ խօսակցութիւն մը ունեցած է անձի մը հետ, մինչ անոր ետեւէն կը մօտենային երկու ուրիշներ, որոնցմէ մէկը Հրանդին առջեւ անցած է, իսկ երկրորդը՝ ետեւէն կրակ բացած է: Ըստ վկային, անոնք Հայալ եղբայրներն են, որոնք անմիջապէս հերքեցին այս ամբաստանութիւնը, մինչ Սամասթ կը պնդէր, թէ ոճիրը ինք միայնակ գործած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Թուրքական ամէն ինչ ԾԻԾԱՂԵԼԻ ԽԱՅՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ Է
ջայլամներու քաղաքականութիւնը , պետութիւնը փաստօրէն
սպանած կ’լլայ ՀԵՐՕՍ ՏԻՆՔԻՆ ինչ դատաւարութիւն,ինչ
պաշտպան փաստաբաններ, բոլորը դերասանութիւն է միջազգային
երեւոյթներու հանդէպ, եղածով թատրօն մը համայն Աշխարհին
դեմ, իրենք զիրենց արդարաձնեն, դատարկ եւ անիմաստ լուրեր
ուրիշ ոչինչ։
Կէցցէ Հ,Յ,Դ,
Կէցցէ Հայ Ժողովուրդ Ընդհանուր