ՊՈԼԻՍ.- Ըստ թրքական «Թարաֆ» թերթին, ամբարտակ կառուցելու նպատակով, տինամիտներով (ուժանակ) կը պայթեցուի Պինկիոլի պատմական Քիղի բերդը։
«Պինկիոլի մէջ, ամբարտակի կառուցման նպատակով տարուող աշխատանքները վերածուեցան բնութեան եւ պատմութեան կոտորածի: Փերի գետի վրայ կառուցուող ամբարտակին պատճառով, սկիզբ առին աւերածութիւններու շղթաներ: Այս անգամ կառուցուող ամբարտակի աւերածութեան զոհը դարձաւ պատմական Քիղի ամրոցը: Ամրոցին հիմքը կազմող ժայռերը կը պայթեցուին տինամիտով եւ անոնք կը գործածուին ելեկտրակայանի ամբարտակի մը շինարարութեան մէջ: Պատմական այս անօրինութեան դէմ դուրս եկող բնակչութեան բողոքը մնաց անպատասխան», կը գրէ «Թարաֆ» թերթը, ըստ որուն, ստորագրահաւաք կազմակերպած Քիղիի երիտասարդներու միութեան ջանքերը դարձեալ ապարդիւն են:
Իշխանութիւնները, իրենց կարգին, կ՛արգիլեն տեսնել ամրոցի քանդման գործընթացը եւ լուսանկարել զայն՝ պատճառաբանելով, որ անիկա կը գտնուի ռազմական անվտանգութեան գօտիի վրայ, ուր մօտենալու իրաւունք ունին միայն շինարարութիւն իրականացնողները: Ամրոցը տեսնել ցանկացողները ստիպուած են զինուորներէն թոյլտուութիւն ստանալ, իսկ քանդուող ամրոցը լուսանկարելը արգիլուած է թէ՛ զինուորներու եւ թէ՛ վերոյիշեալ ընկերութեան անվտանգութեան տեսուչներուն կողմէ:
Այս գաւառին մէջ պատմութեան յիշատակումները կը թուագրուին մինչեւ Ք.Ա. 3000ական թուականներ: Այնտեղ հաստատուած ու իրենց մշակութային կոթողներն ու ժառանգութիւնը ձգած են ժամանակի հզօր ու քաղաքակրթութիւններով հարուստ ժողովուրդները, որոնցմէ կարելի է յիշատակել խէթերն ու ուրարտացիները, ինչպէս նաեւ Պարսկաստանն ու Հռոմը, Մակեդոնիան ու Սասանեան պետութիւնները:
Քիղի ամրոցը կը գտնուի գաւառի կեդրոնական մասի հարաւ-արեւելեան հատուածին վրայ, ուր տակաւին կ՛երեւին գետահայեաց պարիսպներով եւ ուղղաբերձ ժայռերով շրջապատուած բնակավայրերու աւերակներուն հետքերը: Կ՛ենթադրուի, որ այս պատմական ամրոցը կառուցուած ըլլայ ուրարտացիներուն կողմէ:
Նշենք, որ մինչեւ 1915, Քիղին կը համարուէր հայաբնակ կարեւոր բնակավայրերէն մէկը: Մինչեւ 1914 Քիղիի գիւղերուն մէջ կ՛ապրէին 19859 հայեր (3028 տուն): Այնտեղ կային հայերուն պատկանող 45 եկեղեցիներ եւ 5 վանքեր: Քղիի կեդրոնը կը բնակէին 2116 հայեր (396 տուն): Ամրոցը, ուր այժմ պայթումներ կ՛իրականացուին, կը համարուի եզակի հին հայկական վկայութիւններէն մէկը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.