ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հինգշաբթի, Մայիս 13ին, Թուրքիոյ պետական պաշտօնաթերթին մէջ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ստորագրութեամբ հրատարակուած է շրջաբերական մը, որ ուղղուած է պետական հաստատութիւններուն, եւ որուն գլխաւոր գաղափարն է հաւասար վերաբերում ցուցաբերել Թուրքիոյ ոչ իսլամ հայրենակիցներուն՝ պաշտպան կանգնելով անոնց իրաւունքներուն, եւ զգացնել, որ անոնք այս երկրին հարազատ հայրենակիցներն են։
Վարչապետը իր շրջաբերականին մէջ դիտել կու տայ, որ ոչ իսլամ փոքրամասնութեան պատկանող թուրք հայրենակիցները, ինչպէս բոլորը, անբաժանելի մասնիկը կը կազմեն այս երկրի մշակոյթի եւ ինքնութեան՝ բերելով նաեւ իրենց սեփական ինքնութիւնն ու մշակոյթը։ Վարչապետը կարեւոր կը նկատէ, որ այս հայրենակիցները պետութեան հետ իրենց բոլոր գործառնութիւններուն եւ գործողութիւններուն մէջ որեւէ դժուարութիւն չկրեն։ Ան ուշադիր ըլլալու կոչ կ՛ընէ, որպէսզի չվնասուին փոքրամասնութեան իրաւունքները, որովհետեւ այդ մէկը պիտի նպաստէ, որ փոքրամասնութիւնները իրենք զիրենք պետութեան եւ թուրք ազգին մասնիկները համարեն։
Վարչապետը դիտել կու տայ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ վերջին տարիներուն ժողովրդավարացման ճամբուն վրայ ոչ իսլամ փոքրամասնութիւնները հետաքրքրող նիւթերուն մէջ բարեկարգումներ կատարուեցան, յայտնի է, որ գործադրութենէն ծնունդ առնող կարգ մը պատճառներով, այս հարցերը դեռ բոլորովին չեն լուծուած։ Այս պատճառաւ, վարչապետը կը շեշտէ, թէ քաղաքապետութեանց հակակշռին տակ անցած ոչ իսլամ գերեզմանատուները պէտք է պաշտպանուին եւ խնամուին, ոչ իսլամ համայնքի կալուածներուն ի նպաստ աւարտած դատավարութիւններու որոշումները բծախնդրութեամբ պէտք է գործադրուին եւ դրամական հարցերու մէջ որեւէ վնաս պէտք չէ պարտադրուի անոնց: Ան նաեւ կը գրէ, թէ Թուրքիոյ քաղաքացի ոչ իսլամ համայնքներու առաջնորդները պաշտօնական ընդունելութիւններու ընթացքին իրենց կարգավիճակին պատշաճ վերաբերում պէտք է տեսնեն, պատշաճ տեղ պէտք է ունենան։
Ան կ՛ազդարարէ, որ անմիջապէս օրինական հետապնդումներ կատարուին բոլոր այն հրատարակութիւններուն դէմ, որոնք ոչ իսլամ համայնքներու դէմ ատելութիւն եւ թշնամութիւն կը քարոզեն:
Վարչապետ Էրտողան իր շրջաբերականի աւարտին կը խնդրէ, որ շահագրգիռ բոլոր հաստատութիւններն ու հիմնարկութիւնները չէզոքացնեն փոքրամասնութեան վիճակը բարելաւելու նպատակով որդեգրուած որոշումներուն գործադրութենէն ծնունդ առնող հարցերը եւ զգայնութիւն ցոյց տան այս կարեւոր խնդիրին նկատմամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.