
ԹԻՖԼԻՍ, «Երկիր Մետիա».- Չորեքշաբթի, Մայիս 12ին, Թիֆլիսի «Մարիոթ Քորթիարտ» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը՝ պաշտօնապէս նշելու համար Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի (European Armenian Federation for Democracy and Justice) Վրաստանի ներկայացուցչութեան գրասենեակի բացումը։
Ընդունելութեան ներկայ էին ներկայացուցիչներ Վրաստանի կառավարութենէն, ԱՄՆ դեսպանութենէն, Վրաստանի հայոց թեմի առաջնորդարանէն, հայկական ու տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններէ։ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի Վրաստանի մասնաճիւղի նորաստեղծ գրասենեակի տնօրէնի պարտականութիւնները ստանձնած է Գէորգ Յարութիւնեանը:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Հիլտա Չոպոյեան կարեւոր նկատած է մարդու իրաւունքներու, ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ աշխատանքի լծուիլը նաեւ դէպի Եւրոպա ձգտող Վրաստանին մէջ:
«Վրաստանը մաս կը կազմէ Եւրոմիութեան «Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան» եւ «Արեւելեան գործընկերութեան» ծրագիրներուն, այդ առումով մեզ նման կազմակերպութիւններու համար հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին, որ կարենանք օգնել այս պետութեան՝ լուծելու համար բազմաթիւ խնդիրներ, ինչպէս նաեւ համապատասխանել եւրոպական չափանիշներուն», յայտնած է Հիլտա Չոպոյեան:
Յառաջիկայ աշխատանքներու գծով Վրաստանի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէնը կարեւոր նկատած է վիրահայերու իրավիճակի եւ խնդիրներու ուսումնասիրութիւնը, որուն կը հետեւին արդէն խնդիրներու լուծման միջոցները: Այս ծիրէն ներս գործունէութեան դաշտ պիտի ըլլայ նախ æաւախքը:
«Մենք ուսումնասիրելու ենք æաւախքի հայութեան վիճակը եւ ուսումնասիրելու ենք վրացական պետական ծրագրերը, թէ ի՛նչ են անելու æաւախքի տարածքում: Բայց æաւախքով չենք սահմանափակուելու. կը տեսնենք կացութիւնը, ինչից յետոյ արդէն կը խօսենք լուրջ կէտերից ու կողմնորոշումներից», յայտնած է Գէորգ Յարութիւնեան:
Գրասենեակի բացման ներկայ եղած եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Վրաստանի ազգային այլ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ: