ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Եւրոպայէն մերժուող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան վերջին քանի մը տարիներուն յատուկ ջանք կը թափէ երկրին միջազգային վարկը բարելաւելու համար՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ շարք մը հարցերու լաւագոյն միջնորդը, հակառակ այն իրողութեան, որ Թուրքիա տակաւին կը շարունակէ լուծումներ փնտռել իր փոքրամասնութեանց, ներառեալ քիւրտերու, հայերու եւ յոյներու հետ շարք մը հարցերուն, միաժամանակ կը փորձէ շուքի տակ պահել Հայկական Ցեղասպանութեան, Կիպրոսի բռնագրաւման եւ շարք մը այլ տագնապներ:
Այս պայմաններուն տակ անակնկալ չէր Ատրպէյճան կատարելիք իր Կիրակի օրուան այցելութիւնը յետաձգելու Էրտողանի որոշումը, երբ վարչապետին առիթ ընծայուեցաւ Իրանի հիւլէական տագնապին հաւանական լուծման կապակցութեամբ՝ լուսարձակներու տակ ըլլալ: Էրտողան վստահ էր, որ «եղբայր» Ատրպէյճանը պիտի հասկնար իր «մեծ եղբօր» կողմէ այս փոքր անտեսումը:
Արդարեւ, Իրան Երկուշաբթի օր համաձայն գտնուեցաւ իր հարստացած իւրանիոմը Թուրքիա ուղարկել՝ զայն հիւլէական վառելանիւթով փոխանակելու համար։ Իրանի այս որոշումը, որուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ նաեւ Պրազիլ, կրնայ մեղմացնել միջազգային լարուածութիւնը։
Պրազիլ եւ Թուրքիա այսպիսով վերածուեցան Իրանի հիւլէական թղթածրարի հարցով միջնորդներու նոր խմբակի մը՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամներուն եւ Գերմանիոյ կողմէ կազմուած խմբակին կողքին: Համաձայնութեան նպատակն է վերակենդանացնել անցեալ Հոկտեմբերին ՄԱԿի կողմէ բանաձեւուած ծրագիր մը, որ օրին մերժուած էր Իրանի կողմէ։ Թուրքիան հիւլէական վառելանիւթի փոխանակման վայր դարձնող ներկայ համաձայնութեան բազմաթիւ կէտեր կը թուին նոյնը ըլլալ։
Երկուշաբթի օրուան համաձայնութիւնը ստորագրուեցաւ երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, թէ մէկ շաբթուան ընթացքին Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային կազմակերպութեան նամակ մը պիտի ղրկուի՝ վերջնական համաձայնութեան մը առջեւ ճամբայ բանալով: