ՊԱՔՈՒ, »Էյ.Փի.Էյ.«- Երկուշաբթի, Մայիս 17ին, Պաքու այցելող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ խորհրդակցութիւններէ ետք յայտարարեց, թէ Թուրքիա չի կրնար անտարբեր մնալ »Ատրպէյճանի ղարաբաղեան հարցին« նկատմամբ: Էրտողան նաեւ պնդեց, թէ Ալիեւ միշտ »շինի«չ մօտեցում կը ցուցաբերէ Արցախի տագնապին հանդէպ:
Իր կարգին, Ալիեւ յայտարարեց, թէ Ատրպէյճան արտօնութիւն պիտի չտայ, որ Հայաստանը »անվերջ բանակցութիւններ« կատարելով՝ ձգձգէ գործընթացը:
Էրտողան Պաքուէն պիտի մեկնի Վրաստան։
Միւս կողմէ, »Հիւրրիյէթ« օրաթերթին համաձայն, Էրտողան Պաքուի մէջ պիտի փորձէր համոզել Ալիեւը, որ բաւարարուի միայն երկու շրջաններէ հայկական ուժեր հեռացնելու առաջարկով, մինչ Պաքու կը խօսի 7 շրջաններ »ազատագրել«ու մասին:
Թրքական օրաթերթը կը գրէ. »Եթէ նոյնիսկ Պաքուի վարչակազմը հանրութեան ուղղուած իր յայտարարութիւններուն մէջ կ՛ընդգծէ, թէ »5+2« բանաձեւէն ետ քայլ պիտի չընէ, այնուամենայնիւ, երկու շրջաններու հարցին առնչութեամբ քննարկումները կը շարունակուին։ Կը նշուի, որ այդ երկու շրջաններն են Քելբաջարն ու Ֆիզուլին։ Անգարան հայ-թրքական սահմանը փակած է 1993ին, երբ Քելբաջարը անցաւ Հայաստանի ձեռքը։ Այդ պատճառով հայերու Քելբաջարէն դուրս գալու հարցը կենսական նշանակութիւն ունի Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն«։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.