ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ Չորեքշաբթի, Մայիս 19ին ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, թէ ճիշդ չեն այն պնդումները, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բնականոնացնելու գործընթացը սառեցուած է։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտարարած է, որ Թուրքիա այս հանգրուանին կ՛ուզէ Հայաստանի հետ ընկերային եւ տնտեսական կապերը ամրապնդելու աշխատանքներուն վրայ շեշտը դնել:
Հարցազրոյցին մէջ, Տաւութօղլուն նաեւ խօսած է քանի մը օր առաջ Թեհրանի մէջ Իրանի, Պրազիլի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած հիւլէական վառելանիւթի փոխանակման վերաբերեալ համաձայնագիրին մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.