ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».- ԼՂՀի նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 19ին ընդունած է Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ նախկին յատուկ ներկայացուցիչ, Ժողովրդավարութեան եւ համագործակցութեան հիմնարկի Փարիզի գրասենեակի ներկայացուցիչ Մորիս Պոննոյը, որ Արցախ ժամանած է՝ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Մայիս 23ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Յատուկ ուշադրութեամբ նշուած է ընտրութիւններու ընթացքին օտար դիտորդներու մասնակցութեան վրայ, հաշուի առնելով, որ անիկա լաւ հնարաւորութիւն է տարբեր երկիրներու հետ փորձի փոխանակման եւ հանրապետութեան մէջ ընտրական համակարգի շարունակական կատարելագործման համար:
Նոյն օրը Պոննոյին ընդունած է նաեւ ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը:
Պոննօ Ռուլեանին յայտնած է, որ առաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները դիտարկելու համար ինք կանուխ ժամանած է, որովհետեւ մտադիր է, իբրեւ հակամարտաբան, հնարաւորինս զբաղիլ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման գործընթացի ուսումնասիրութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.