ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Մայիս 25ին, Կլենտէյլի «Լունա» թատերասրահին մէջ (3706 San Fernando Raod, Glendale, CA 91204), երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Անահիտ Քէշիշեան պիտի ներկայացնէ «Կայ ու չկայ» մենախօսութիւնը, որ հիմնուած է 1960ականներու Թեհրանի մէջ Անահիտի մանկական ու պատանեկան յուշերուն վրայ: Ընտանիքին տարբեր անդամներուն, դրացիներուն, թաղի վաճառորդներուն, ուսուցիչներուն եւ այլ տիպարներու դերերը ստանձնելով՝ Անահիտ պատմութիւնը կը փոխանցէ երեխայի մը եւ ապա պատանի-երիտասարդի մը դիտանկիւնէն: Ներկայացման մէջ կը հրամցուին նաեւ հայկական, պարսկական եւ արեւմտեան երգեր, բանաստեղծութիւններ եւ պարեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.