ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Շաբաթ, Մայիս 8ին, Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Պատանեկան միութեան երգեցողութեան մրցումը եւ երդման արարողութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ էին տարբեր մասնաճիւղերէ աւելի քան 300 պատանիներ:
Նախ տեղի ունեցաւ խմբային երգեցողութեան մրցումը, որուն մասնակցեցան մասնաճիւղերու երգչախումբերը, ապա տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւնը:
77 պատանիներ, որոնք ամբողջացուցած էին դաստիարակչական ծրագիրը՝ Դաշնակցական պատանիին ծրագիրը, տուին Պատանեկան միութեան անդամակցելու իրենց երդումը: Արարողութեան կնքահայրն էր Արա Մկրտիչեանը, որ շեշտեց Դաշնակցական պատանի ըլլալու եւ տրուած երդումին կարեւորութիւնը, յատկապէս հայրենիքէն այսքան հեռու տարածքի մը մէջ:
Ապա տեղի ունեցաւ խրախճանք, որուն ընթացքին մթնոլորը յեղափոխական երգերով խանդավառեց երգիչ Աւօ:
Ձեռնարկին ներկայ էին տարբեր շրջաններէ ՀԵԴականներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.