Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանէն ներս գեղեցիկ սովորութիւն մը դարձած՝ դպրոցական երկլեզու շարադրական մրցանքի այս տարուան նիւթը Հայկական Ցեղասպանութիւնն էր, անոր 95ամեակին առիթով։ Աշակերտները կրնային իրենց կարծիքները արտայայտել՝ չորս տարբեր նիւթեր արծարծելով.
ա. Եթէ առիթը ունենայիր Թուրքիոյ նախագահին հետ հանդիպելու, ի՞նչ կ՛ըսէիր անոր.
բ. Տղիկ մը կամ աղջնակ մըն ես, որ կը բնակիս Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եւ օրագրութիւն կը պահես. թուականը Ապրիլ 24, 1915 է, ի՞նչ պիտի գրէիր.
գ. Ինչո՞ւ տակաւին մենք պէտք է յիշենք Ապրիլ 24ը.
դ. Հայապահպանման համար ինչո՞ւ կարեւոր է հայերէն լեզուն գիտնալը։
Մանկապարտէզէն մինչեւ Ը. կարգի աշակերտները երկու պահերու ընթացքին գրեցին իրենց շարադրութիւնները, որոնցմէ ընտրուեցան առաջին եւ երկրորդ հանդիսացողները։ Այս երկլեզու շարադրութիւնները հրատարակուեցան դպրոցիս աշակերտական գրական պարբերաթերթին՝ «Լուսաւորում»ին մէջ։ Մանկապարտէզի աշակերտները գծագրութեամբ արտայայտեցին իրենց ապրումներն ու կարծիքները։
Դպրոցս նոյն թեմայով կազմակերպեց գծագրութեան մրցանք մը, որուն առաջին հանդիսացող աշակերտուհիին՝ Լոռի Ճիկէրեանին, գծագրութեամբ պատրաստուեցան յատուկ շապիկներ։ Այս շապիկները աշակերտները հագուեցան ամբողջ Ապրիլ ամսուան ընթացքին։ Սոյն շապիկներուն հասոյթը տնօրէնութիւնս որոշեց նուիրել Ցեղասպանութենէն ետք Սփիւռքի մեր առաջին գաղութին՝ Հալէպին, եւ յատկապէս հոն գործող հայկական պատսպարանին։ Այդ պատասպարանին մէջ կան շուրջ 20 որբեր, 3էն 20 տարեկան, որոնք մօտ օրէն պիտի փոխադրուին իրենց նորակառոյց պատսպարանը եւ մեր նուիրած գումարը պիտի յատկացնեն արդիական համակարգիչներ գնելու։ Յոյսով ենք, որ մօտ ապագային մեր աշակերտները կրնան կապի մէջ մտնել իրենց Հալէպի քոյր-եղբայրներուն հետ, սոյն համակարգիչներուն միջոցով։
Ապրիլ 16ին, դպրոցիս սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ը. կարգի աշակերտներուն տարեկան Բանաստեղծութեան երեկոն, որ իրենց անգլերէն լեզուի ուսուցիչին ու դաստիարակին՝ տնօրէն Շահէ Մանկրեանին կողմէ պատրաստուած կ՛ըլլայ։ Այս ձեռնարկը բաժնուած էր մի քանի մասերու. երկրորդ մասը նուիրուած էր 20րդ դարու ու ներկայիս պատահող ցեղասպանութիւններուն։ Աշակերտները արտասանեցին հայ եւ օտար բանաստեղծներու՝ Արա Պապայեանի, Ռիթա Տովի, Լորքայի, Արչի Մինասեանի եւ այլ բանաստեղծներու գործերէն։
Հայկական բաժանմունքը պատրաստած էր գեղարուեստական յայտագիր մը, որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 30ին երեկոյեան ժամը 7ին, մեր եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մանկապարտէզէն մինչեւ Ը. կարգի աշակերտները։ Հանդիսութեան բացումը կատարեց Ե. կարգէն Մեղերի Մանոյեանը՝ դաշնակի վրայ նուագելով «Ատանայի Ողբը», ու ապա ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել մեր նահատակներուն յիշատակը։
Ը. կարգի աշակերտները բեմականացուցին Սարգիս Մահսէրէճեանի հեղինակած «Լուսիկին Երազը» թատրոնը, որուն դերակատարները դրախտի հայկական հրապարակին մէջ հաւաքուած էին, ընդունելու գլխաւոր դերակատար Լուսիկը, որ իր պահապան հրեշտակին հետ կատարած ճամբորդութեամբ կ՛այցելէր՝ հանդիպելու համար Կոմիտասին, Գրիգոր Զոհրապին, Մուսա Լեռէն Սօսէին, եւ Շապին Գարահիսարէն Շաքէին, որպէսզի անոնց վկայութիւնները լսէ։ Թատրոնին ընդմէջէն, մնացեալ բոլոր աշակերտները ելոյթներ ունեցան։ Մանկապարտէզը ներկայացուց խաղաղ կեանքը հայ ժողովուրդին՝ հարսանիքի մը պատկերով, իսկ Ա. եւ Բ. կարգի աշակերտները երգեցին Կոմիտասի «Կաքաւիկը»։ Ապա, Գ. կարգի աշակերտները, ընկերակցութեամբ Գ. Էմինի «Սասունցիների Պարը» արտասանող Է. կարգի աշակերտներուն, պարեցին «Եարխուշտա»ն։ Դ. եւ Ե. կարգի աշակերտները երգեցին Յ. Շիրազի «Տեսնեմ Անին ու Նոր Մեռնեմ» երգը, իսկ Ե. կարգի աշակերտները ներկայացուցին Դ. Վարուժանի «Դերենիկը»՝ խմբային արտասանութեամբ եւ կենդանի պատկերով։ Զ. կարգի աշակետներն ու Ը. կարգի աշակերտուհիներէն Քաթիա Քէհէեանը, որուն դերասանական տաղանդը ի յայտ եկաւ այդ օր, կենդանի պատկերով մը ներկայացուցին Սիամանթոյին «Խեղդամահը»։ Ապա, Ը. կարգէն կարգ մը աշակերտներ խմբովին արտասանեցին Ժագ Յակոբեանի «Քիչ Ենք Արդէն» ոտանաւորը, որ հանդիսութեան փոխանցուած կարեւորագոյն պատգամներէն մէկուն մասին էր՝ հայերէն լեզուին պահպանումն ու փոխանցումը յաջորդ սերունդներուն։
Դպրոցիս տնօրէնը՝ Շահէ Մանկրեան, իր փակման խօսքը փոխանցեց ըսելով. «Ծնողներ դուք արդէն կը կատարէք հայ ժողովուրդին հայապահպանման աշխատանքներէն կարեւորագոյնը, ի գին բոլոր զոհողութիւններով վառ կը պահէք մեր մշակոյթն ու լեզուն, ձեր զաւակներուն կրթութիւնը վստահելով հայկական վարժարանին»։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց հայերէն բաժանմունքի ուսուցիչներուն՝ Բէկի Ճինպաշեանին, Ցոլինէ Գէորգեանին, Կարին Սէոյլէմէզեանին եւ Լիզա Մանոյեանին, ինչպէս նաեւ երաժշտութեան ուսուցչուհիին՝ Էլմիրա Յակոբեանին։ Տնօրէնը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մեր սիրելի աշակերտներուն, որոնք իրենց պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ սորված էին իրենց դերերը եւ յաջողութեամբ պսակեցին սոյն ձեռնարկը։ Ապա, Լիզա Մանոյեան խօսք առնելով՝ շնորհակալոթիւն յայտնեց թատերագիր Սարգիս Մահսէրէճեանին, որ ներկայ էր հանդիսութեան, եւ անոր մաղթեց յարատեւութիւն իր վսեմ աշխատանքին մէջ, շարունակելու հեղինակել նման թատրոններ, որոնք խանդավառութիւն կը ստեղծեն աշակերտներուն մօտ։
Ներկայ ծնողները հոգեպէս յագեցած եւ բարձր տրամադրութեամբ հեռացան սրահէն։
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)