ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Թուրքիոյ «արդի» հանրապետութեան հօր՝ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի, հիմնած Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը աննախանձելի վիճակի մէջ կը գտնուի: Վերջին քանի մը տեղական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէներու 20էն 23 տոկոսը ապահոված կուսակցութիւնը, ներքին լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ նախորդ կուսակցապետ Տենիզ Պայքալի հրաժարումով սկսած ընտրական պայքարին պատճառով:
Այս շաբաթավերջը կայանալիք կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը ճակատագրական է կուսակցութեան համար: Կուսակցապետի պաշտօնին միակ թեկնածուն է Քեմալ Քըլըճտարօղլուն, հակառակ այն իրողութեան, որ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմինին մէջ կային երկու տարբեր հոսանքներ, որոնցմէ մէկը Պայքալի աւելի մօտիկ ղեկավար մը կը փափաքէր տեսնել:
Պայքալ քանի մը օր առաջ դժգոհութիւն յայտնած էր, որ իրմէ գաղտնի պահուած է Քըլըճտարօղլուի թեկնածութիւնը, մինչ Քըլըճտարօղլու կը պնդէ, թէ իր թեկնածութիւնը գաղտնի պահելու նպատակ չէ ունեցած եւ «կէս գիշերային որեւէ բանակցութիւն չէ կատարուած ոեւէ մէկուն հետ»։
Պայքալի հրաժարումին առաջնորդած գայթակղութիւնը եւս կը շարունակէ հարցականներու տակ մնալ: Մինչ որոշ շրջանականեր կը պնդեն, թէ դաւը իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մատնահետքերը ունի, ուրիշներ կը հաւատան, թէ դաւադիրները կուսակցապետին այն կուսակիցներն էին, որոնք դժգոհ էին 1992էն ի վեր կուսակցութիւնը ղեկավարող Պայքալին վարած քաղաքականութենէն: Այլ վարկածի մը համաձայն, Պայքալ կուսակցապետի պաշտօնէն հեռացուած էր բանակի հրամանատարութեան աջակցութեամբ, որովհետեւ բանակը կը յուսայ աւելի աշխոյժ եւ գործնապաշտ նկատուող Քըլըճտարօղլուի միջոցաւ զօրացնել ընդդիմադիր գլխաւոր կուսակցութիւնը:
Միայն ապագայ իրադարձութիւնները կրնան ցոյց տալ, թէ այս վարկածներէն ո՞ր մէկը իրականութեան կը համապատասխանէ: