ՊԻԿ ՓԱՅՆԶ, Քալիֆորնիա.- Անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցած Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի տարեկան դաստիարակչական սեմինարին մասնակցեցան քանի մը տասնեակ ՀԵԴականներ, որոնք դասախօսութիւններով եւ քննարկումներով խորհրդակցութիւններ ունեցան ձուլումի եւ վնասուց հատուցման հարցերուն շուրջ:
Նախկին ՀԵԴական Արա Մկրտիչեան, որ ներկայիս Կլենտէյլի «Հուվըր» երկրորդական վարժարանին մէջ խորհրդատու է, խօսեցաւ «Ձուլումը եւ Սփիւռքի երիտասարդրութիւն» նիւթին մասին, որուն ընթացքին ան շեշտը դրաւ հայկական ինքնութեան գիտակցական եւ ենթագիտակցական ըմբռնումներուն մասին՝ յանձնարարելով ներկաները, որ իրենք զիրենք եւ մեր համայնքը դիտեն տարբեր տեսանկիւններէ եւ չհետեւին քարացած արժեւորումներու:
Ան ներկաներուն հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ կամ ի՞նչ է հայկական ինքնութեան բաղադրիչ մասերը, ստեղծելով հետաքրքրական բանավէճ մը, որուն աւարտին Մկրտիչեան շեշտեց, թէ հայկական ինքնութիւնը կաղապարելու փորձ կատարելու փոխարէն, պէտք է աշխատանք տանիլ միասնականութիւն գոյացնելու համար, որպէսզի կարելի ըլլայ Հայ Դատը լաւագոյն ձեւով պաշտպանել:
Իր կարգին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն հայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասախօս դոկտ. Յակոբ Կիւլիւճեան ձուլումի հարցին մօտեցաւ հայերէնին դիմագրաւած դժուարութեանց պրիսմակէն: Ան հայերէնին կարճ պատմականը ներկայացնելէ ետք, ըսաւ, թէ որեւէ լեզու պէտք է ժամանակին հետ քայլ պահէ, որպէսզի չճահճանայ, այլապէս կը գտնուի անհետանալու վտանգին առջեւ: Այդ պատճառով, ան յոյժ կարեւոր նկատեց հայերէն լեզուն արդիականացնելու աշխատանքը, որ կարելի պիտի ըլլայ նոր բառերու կերտումով նոր հեղինակներ քաջալերելով, որուն իբրեւ արդիւնք, կարելի պիտի ըլլայ 21րդ դարու հայերէն մը մէջտեղ բերել:
Մասնակիցները նաեւ մասնակցեցան խմբային աշխոյժ խորհրդակցութեան մը՝ գլխաւորութեամբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան վարիչ Եղսաբէթ Չուլճեանի, որ նմանապէս նախկին ՀԵԴական մըն է: Գլխաւոր նիւթն էր Հայ Դատի յանձնախումբին տարած եւ տանելիք աշխատանքները ու անոր դերակատարութիւնը ամերիկահայութեան եւ հայկական ինքնութեան պահպանպան աշխատանքին մէջ:
Չուլճեան, որ նաեւ սեմինարին վարիչն էր, ողջունեց այն իրողութիւնը, որ մասնակիցները աշխոյժ մասնակցութիւն բերած էին բոլոր ներկայացումներուն ընթացքին, ու յատկանշական նկատեց այն իրողութիւնը, որ նոյնիսկ ազատ ժամերուն յաճախ խօսակցութիւնները կը կեդրոնանային Հայաստանի եւ Սփիւռքի կացութիւնը բարելաւելու ջանքերուն վրայ:
Սեմինարը կազմակերպուած էր ՀԵԴի Կեդրոնական դաստիարակչական խորհուրդին կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.