Կիրակի, Մայիս 16ին, աւելի քան 500 հոգիի ներկայութեամբ կայացած պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին տեղի ունեցաւ Օրենճ Քաունթիի Ազգային Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի «Միհրանեան» մարզադաշտին բացումը: Պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի մարզադաշտերուն կառուցումը իրականացած էր շնորհիւ Միհրանեան, տէր եւ տիկին Միհրան Միհրանեաններու եւ տէր եւ տիկին Հայկ Միհրանեաններու ընտանիքներուն նուիրատուութեան, ինչպէս նաեւ համայնքի այլ անդամներու տրամադրած նիւթական եւ բարոյական նեցուկին:
Ներկաներուն մէջ կային շրջանի ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէութեան ատենապետ Տիգրան Սասունեան, Խնամակալ մարմինէն Հուրի Քէօրօղլեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴի, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի, ՀԵԴի, ՀԵԴ Պատանեկանի, «Համազգային»ի, Քառասուն Մանկանց ու Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ ու Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի անձնակազմը, աշակերտներ, ծնողներ ու գաղութի անդամներ:
Ձեռնարկը սկսաւ ՀՄԸՄականներու դրօշակի արարողութեամբ, իսկ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները երգեցին վարժարանի աշակերտները:
Ապա հանդիսավար Գէորգ Քէշիշան, ողջոյնի իր խօսքէն ետք հրաւիրեց վարժարանի աշակերտները, որ բացման աղօթքը կատարեն, որմէ ետք վարժարանի Ուսանողական խորհուրդի նախագահ Արազ Մատենեան խօսք առնելով՝ փոխանցեց աշակերտութեան երախտագիտական զգացումները, միաժամանակ շեշտելով հայեցի եւ որակաւոր դաստիարակութեան կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, վարժարանի ծնողներէն ու Օրենճ Քաունթիի մէջ շրջանային դատաւորի տեղակալ Էնտի Մանսուրեան, որ նաեւ թեկնածու է գաւառային գերագոյն ատեանի դատաւորի պաշտօնին, շնորհաւորեց աշակերտները եւ ամբողջ համայնքը, որ հարստացած են նման արդիական մարզահամալիրով մը:
Տնօրէնուհի Գոհար Զահեր կարեւոր իրագործում մը համարեց մարզադաշտ մը ունենալու երազին իրականացումը, եւ վստահեցուց, թէ այս մէկը նախաքայլը պիտի ըլլայ վարժարանը բարելաւելու շարք մը ծրագիրներուն:
Ապա, Հոգաբարձութեան անդամ Մարք Քարաթաս խօսեցաւ մարզադաշտին մուտքին նուիրատուներու պատ մը բարձրացնելու ծրագրին մասին, եւ նոյն օրն իսկ շատեր խոստացան մաս կազմել այս նախաձեռնութեան:
Իր կարգին, Քրիս Կիւլճեան դրուատեց Հոգաբարձութեան եւ համայնքի անդամներուն նուիրումն ու աշխատելու կամքը՝ անոնց արդիւնքը համարելով սոյն մարզադաշտը, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով համայնքին, որ իրենց զաւակները կը վստահի վարժարանին ու նիւթապէս նեցուկ կը կանգնի անոր՝ նպաստելով համայնքի յաջորդ սերունդը դաստիարակելու գործին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան նախկին ատենապետ Գէորգ Տէր Ալեքսանեանին, Կարօ Խաչերեանին, Թալին Մինասեանին, «Փերկա», «Քոսքօ», «Պեր», «Փաուըրէյտ» ընկերութեանց, Յարութ Կիւլճեանին, Սուրէն Գույումճեանին, «Փի.Պի.Էս» կայանին եւ «Go Green with Joel Greene» յայտագրին: Ան նաեւ յայտնեց, թէ «Ֆերահեան»ի շրջանաւարտներու խումբ մը վերջերս նախաձեռնութիւն մը իրագործած էր՝ անոր հասոյթը տրամադրելով «Արի Կիրակոս»ին: Այդ ձեռնարկին, «Արի Կիրակոս»ի տարիներու հովանաւոր Օհաննէսեան ամոլը 5000 տոլար եւս նուիրած է վարժարանին:
Ձեռնարկի աւարտին, Միհրանեան ընտանիքի անդամները բեմ բարձրանալով՝ խոստացան շարունակել իրենց օժանդակութիւնները, խնդրելով ներկաներէն, որ նմանապէս նեցուկ կանգնին վարժարանին: Ապա տեղի ունեցաւ մարզադաշտին պաշտօնական բացումը, որմէ ետք տօնական մթնոլորտ տիրեց:
Վարժարանին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ արձանագրութեան համար, դիմել (714) 839-7831 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.