ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
«Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը իր Մայիս 22-28 թիւին մէջ անդրադարձած է սփիւռքներու փոխուող դերակատարութեանց, հասնելով այն եզրակացութեան, որ համացանցին ստեղծած կապուելու դիւրութիւնները նոր աշխուժութիւն մը բերած են ձուլուելու վտանգ դիմագրաւող շարք մը սփիւռքներու մէջ:
Յօդուածին մէջ նաեւ կը նշուի, թէ մինչ անցեալին սփիւռքներուն գլխաւոր նպատակն էր իրենց հայրենիքին օժանդակութիւն կամ թշնամի պետութեան մը դէմ պատժամիջոցներ ապահովել, ներկայիս անոնց գործելաոճը սկսած է փոխուելու՝ տալով հնդկական կազմակերպութեան մը պարագան, որուն գլխաւոր նպատակն է Հնդկաստանի մէջ կաշառակերութեան դէմ պայքար մղել, կամ իրլանտական կազմակերպութեան մը օրինակը, որ կրցած է ամերիկացի-իրլանտացի մեծահարուստներէ 250 միլիոն տոլար գոյացնել, Իրլանտայի մէջ մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու նպատակով:
Նաեւ, հոն տպուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու նախկին խորհրդական, Զպիւկնիւ Պրժեզինսքիի այն կարծիքը, թէ ներկայիս Ուաշինկթընի մէջ ամենազդեցիկ լոպիական աշխատանքը կը տանին քուպացի ամերիկացիները, ամերիկահայերը եւ Իսրայէլի համակիրները, ու կը նշուի նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւ վաւերացնելու համար ամերիկահայութեան տարած պայքարին օրինակը:
Խօսելով հրէական լոպիին մասին, թերթը կը շեշտէ, թէ ան այնքան յաջողած է, որ ներկայիս Իսրայէլի նեցուկ կանգնող ամենահաւատարիմ ջատագովները աւետարանչական քրիստոնեաներն են, մինչ կարգ մը ձախակողմեան հրեաներ կը քննադատեն Իսրայէլի ներկայ աջակողմեան իշխանութեանց վարած քաղաքականութիւնը:
Յօդուածը կ՛եզրակացնէ, սակայն, թէ սփիւռքներու երկարակեցութեան նպաստող հաղորդակցութեան նոր միջոցները իրենց նպատակին կրնան հասնիլ միայն այն ատեն, «երբ հին լեզուներ եւ մշակոյթներ պահպանելու իսկական կամք գոյութիւն ունենայ»: