ԱՆԳԱՐԱ, »Անատոլու«.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պուրաք Էօզիւկերկի Հինգշաբթի, Մայիս 27ին, ակնարկելով Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւններուն՝ յայտնած է, թէ Հայաստանի կողմէ խիստ արտայայտութիւնները ո՛չ Հայաստանի եւ ոչ ալ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու գործընթացին կը նպաստեն։
Պատասխանելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացման գործընթացին վերաբերեալ հարցումի մը՝ Էօզիւկերկի յայտնեց. »Թուրքիա ունի տեսլական մը, որ կեդրոնացած է բնականոնացման գործընթացին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին լուծման վրայ«։
Ան ըսաւ. »Հայաստանի մէջ ներքին քաղաքական դերակատարներու արտայայտութիւնները հետզհետէ կը խստանան։ Այդպիսի խիստ արտայայտութիւններ ոչ Հայաստանի եւ ոչ ալ ինքնին գործընթացին կը նպաստեն։ Մենք խաղաղութեան լեզու մը կ՛օգտագործենք։ Միւս կողմէն հնչող յարձակողապաշտ յայտարարութիւնները անհարիր են կայունութեան եւ բարգաւաճման վրայ հիմնուած տնտեսական շրջանակ մը ստեղծելու մեր յայտարարութիւններուն«։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Հայ Ժողովուրդը շարունակ հետպընթե պիտի
ճըշմարտութիւնը մինչեւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
իրագործուի պատկանող պահանջատիրութիւնը,
նախագահին արտայտութիւնը շատ քիչ է Պր․ էրտողան,
միայն ձեր ՍՈՒՏԵՐՈՒՆ եւ ՍՊԱՈՆԱԼԻԳՆԵՐՈՒՆ
չաբ դնեք մինջեւ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԵՐՈՒՆ
կատարեալ թաղումը, աոանց ոեւէ ՆՈՐ ԲՐՕԴՕԳՕԼ
մէջտեղ բերելու, վորհետեւ պիտի ենթարկուի աւելի վատ
արդիւնքին, տակաւին շատ ալ աւելի ճըշմարտութիւներ
երեւան պիտի ելլեն քալիք օրերուն Սարգիսեանին բերնով։
ԿԵՑՑԷ Հ․Յ․Դ․
Հայ Ազգին Նուիրված Պահապան․