ՊՈՒԵՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչէփ Թայիփ Էրտողան վերջին պահուն ջնջեց Երկուշաբթի, Մայիս 31ին Արժանթին կատարելիք իր միօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը՝ անընդունելի համարելով Պուենոս Այրեսի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ Աթաթիւրքի կիսանդրիին զետեղման դէմ քաղաքի իշխանութիւններուն դրած արգելքը, որ արդիւնք էր երկրի հայ համայնքի բողոքին:
Էրտողան թուրք նախարարներու եւ գործարարներու բազմանդամ պատուիրակութեան մը հետ, անցեալ շաբաթ, պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուէր Պրազիլ՝ մասնակցելու համար այսպէս կոչուած «Քաղաքակրթութիւններու դաշինք»ի միջազգային երրորդ հանդիպման:
Արժանթին կատարուելիք այցելութեան ծրագրին մէջ նախատեսուած էր հադիպում արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, նաեւ պաշտօնական ճաշ՝ նախագահական պալատին մէջ, նախագահուհի Քրիսթինա Ֆեռնանտեզ Քիրշնըրի հետ, պանդոկի մը մէջ ընդունելութիւն՝ գործարարներու մասնակցութեամբ, եւ մայրաքաղաքի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ Աթաթիւրքի կիսանդրիի զետեղում, որուն բացման արարողութիւնը պիտի կատարուէր Էրտողանի մասնակցութեամբ:
Թրքական պատուիրակութեան այցը խոր մտահոգութիւն պատճառեց Արժանթինի հայ համայնքին: Անոր նպատակը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը չէր միայն, այլ՝ Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութեան հաստատագրումը Արժանթինի մէջ: Նշենք, որ Ուրուկուէյէն (1965) եւ Ֆրանսայէն (2000) ետք, Արժանթինը Յունուար 2007ին, օրէնքով (թիւ 26.199) ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Այդ օրէնքը պատճառ դարձած էր, որ թրքական դիւանագիտութիւնը աշխուժանայ Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի մէջ: Թրքական այս քարոզարշաւին դիմաց, Հայաստանի դիւանագիտութիւնը անհրաժեշտ հակազդեցութիւնը չցուցաբերեց:
Աթաթիւրքի կիսանդրիի զետեղումը թրքական դեսպանատան միջոցառումներէն ամէնէն անաղմուկն էր, եւ թերեւս՝ ամէնէն հիմնականը: Պատահական չէր, որ այն կու գար Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակին: ՀՅԴի Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այդ մասին իմացաւ Էրտողանի այցելութենէն միայն մէկ շաբաթ առաջ, եւ անոր նախաձեռնած հետաքննութիւնը երեւան հանեց, թէ կիսանդրիի զետեղման գործընթացը եղած էր ապօրինի: Թուրք դեսպանը, դիմած էր քաղաքի իշխանութիւններուն, որոնք դեռեւս անյայտ պատճառներով համաձայնած էին նոյն այդ հրապարակին վրայ նախապէս գտնուող եգիպտացի հայրենասէր Ահմատ Արապիի կիսանդրին վերցնել եւ անոր տեղը դնել Աթաթիւրքի կիսանդրին:
Յիշենք, որ կիսանդրիի բացման արարողութեան համար, թրքական դեսպանատունը հրաւէրներ ուղարկած էր Արժանթին կայք հաստատած պոլսահայերու: Ոմանք տակաւին թրքական անցագիրով կը ճամբորդեն, եւ թրքական դեսպանատան պաշտօնեաներ անոնց ազդարարած են, որ եթէ արարողութեան ներկայ չգտնուին, կրնան դժուարութիւններ դիմագրաւել, երբ իրենց փաստաթուղթերը վերանորոգել փորձեն…
Այս լուրին մանրամասնութիւնները իմանալէ ետք, Հայ Դատի յանձնախումբը դիմեց համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք հաւաքի մը մասնակցեցան Մայիս 27ին:
Յաջորդ օրն իսկ արժանթինեան մամուլին մէջ լոյս տեսան ընթերցողներու նամակներ եւ համայնքին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը, որ բողոք կը յայտնէր Էրտողանի այցելութեան դէմ, եւ կը պահանջէր ջնջել Աթաթիւրքի կիսանդրիին զետեղումը: «Մուսթաֆա Քեմալ շարունակեց թուրք-օսմանեան կայսրութեան կողմէ 24 Ապրիլ 1915ին սկսած բնաջնջման ծրագիրը, որուն զոհ գացին 1.5 միլիոն անմեղներ, եւ ան պատասխանատուն է Թուրքիոյ ներկայ կառավարութեան հետապնդած Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութեան: Ցեղասպանի կիսանդրիին զետեղումը ոչ միայն բարոյապէս անընդունելի է, այլ նաեւ կը խախտէ Պուենոս Այրես ինքնավար քաղաքի օրէնքները», գրուած էր հաղորդագրութեան մէջ:
Հայ Դատի յանձնախումբը բողոքի նամակներով դիմեց խորհրդարանականներու եւ կառավարական պատասխանատուներու, յայտնելով, որ կիսանդրիին զետեղումը վիրաւորանք է հայ ծագումով քաղաքացիներու եւ անյարիր է մարդկային իրաւանց պաշտպան Արժանթինի յանձնառութեանց: Անհատ քաղաքացիներ զուգահեռաբար դիմեցին դատական իշխանութիւններու, միջոցառման կասեցման համար իրաւական գործընթաց սկսելու նպատակով:
Համայնքէն պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեանբ արժանթինահայոց առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեանի եւ բաղկացած ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէէն, Հայ Դատի յանձնախումբէն, ՀԱԷ Կեդրոնական վարչութենէն եւ Հայկական մշակութային միութենէն ներկայացուցիչներէ, Մայիս 28ին այցելեց քաղաքային իշխանութեան մէջ միջավայրի եւ հանրային տարածութիւններու նախարար Տիէկօ Սանթիլիի, որուն դիմեց կիսանդրիի զետեղման ջնջման պահանջքով: Նախարարը, ընդառաջելով դիմումին՝ նոյն օրը, Մայիս 28ին, հրամանագիր ստորագրեց, կասեցնելով ամբողջ գործընթացը:
Քաղաքային իշխանութիւնները իրենց կեցուածքը մամուլին բացատրեցին ըսելով, թէ գործընթացը օրինական յունէ չէր անցած, եւ թէ ընդունելի չէր Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուներէն մէկուն կիսանդրիին զետեղումը: Հակառակ այն իրողութեան, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը փորձեց այցելութեան ջնջման պատասխանատու համարել քաղաքային իշխանութիւնները, արժանթինեան մամուլին համար յստակ էր, որ այն եղած էր արդիւնք համայնքի ազդեցիկ բողոքին:
Աթաթիւրքի կիսանդրիի զետեղման ջնջումը, որ զուգադիպեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան 92ամեակին օրուան, ողջունուեցաւ համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններուն կողմէ:
Շաբաթ, Մայիս 29ի գիշերը, «Արմէնիա» մշակութային ընկերակցութեան մէջ ՀՅԴի կազմակերպած Մայիսեան տօնախմբութեան ընթացքին խօսք առնելով՝ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը շնորհաւորեց համայնքի բոլոր կազմակերպութիւնները իրենց միասնականութեան եւ ճիգերու միաւորման համար:
Մայիս 31ին, մամուլին ուղարկած հաղորդագրութեամբ մը, Հայ Դատի յանձնախումբը այցելութեան ձախողութեան պատասխանատուութիւնը դրաւ Էրտողանի ուսերուն: «Էրտողան կ՛ուզէ իր երկրին մէջ իրագործած ժխտումի քաղաքականութիւնը հոս արտածել եւ մեզի պարտադրել: Թոյլ պիտի չտանք», նշուած էր հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.