ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Երեքշաբթի, Յունիս 1ին կոչ ըրաւ Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւատորմիղին դէմ իսրայէլեան յարձակումին շուրջ «անկողմնակալ հետաքննութիւն» մը կատարելու, եւ անմիջապէս ազատ արձակելու բոլոր քաղաքայինները։ Արտակարգ նիստէ մը եւ 12 ժամ տեւած բանակցութիւններէ ետք, խորհուրդին 15 անդամները, ի վերջոյ, համաձայնութիւն գոյացուցին յայտարարութեան մը շուրջ, որ Միացեալ Նահանգներու ընդդիմութեան պատճառով աւելի մեղմ էր պաղեստինցիներուն, արաբական երկիրներուն եւ Թուրքիոյ պահանջած դատապարտումէն։

Իսլամական երկիրները կոչ ուղղած էին «ամենախիստ կերպով» դատապարտելու իսրայէլեան յարձակումը եւ «միջազգային անկախ հետաքննութիւն» մը պահանջած էին, սակայն ի վերջոյ համաձայնութիւն գոյացաւ «կտրուկ, անկողմնակալ, հաւաստի, միջազգային արժեչափերու համապատասխանող հետաքննութեան» մը շուրջ, եւ միայն դատապարտեց «այն արարքները», որոնք զոհեր պատճառեցին, առանց նոյնիսկ Իսրայէլի անունը նշելու։
Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ալեհանտրօ Ուոլֆ յայտնեց, որ «իսրայէլացիները կրնան ամբողջական հետաքննութիւն մը կատարել»: Իսկ Ուաշինկթընի կողմէ Իսրայէլը դատապարտող յայտարարութեան մը մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ ան յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ չի փափաքիր, որ հետաքննութենէն առաջ նման դատապարտում մը կատարել:
Յայտնենք, թէ Թուրքիոյ արատքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Երեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ գոհ չէ Սպիտակ տան հակադարձութենէն՝ պահանջելով դատապարտումի յստակ յայտարարութիւն մը:
Նաեւ, Երեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրող յաւելեալ նաւեր ճամբայ ելած են դէպի Կազա, ուր Երեքշաբթի օր իսրայէլեան ուժերը հինգ պաղեստիցիներ սպաննեցին, տարբեր գործողութեանց ընթացքին:
Իսրայէլը անգամ մը եւս վարկաբեկած Երկուշաբթի օրուան միջադէպը սկսած էր, երբ մարդասիրական նաւերէն մէկը հանդիսացող թրքական նաւը կասեցնել փորձող իսրայէլացի զինուորները ընդհարում ունեցան մեծամասնութեամբ թուրք գործիչներու հետ՝ սպաննելով անոնցմէ ինն ու վիրաւորելով քանի մը տասնեակ ուրիշներ:
Նաւերուն վրայ գտնուած մօտաւորապէս 700 գործիչները ձերբակալուած էին իսրայէլեան իշխանութեանց կողմէ: Անոնցմէ 50ը ազատ արձակուեցաւ, իսկ մնացեալը, որ կը մերժէ պատասխանել իսրայէլացի զինուորներուն, բանտարկուած կը մնայ:
Իսրայէլեան յարձակումը աշխարհի տարածքին դատապարտումի ալիք մը յառաջացուց եւ Եւրոպայի տարածքին, թէ այլուր, իսրայէլեան դեսպանատուներու առջեւ յարձակումը դատապարտող բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան։ Իսրայէլ յայտնեց, որ իր ուժերը նաւերը բարձրանալով՝ անսպասելի դիմադրութեան հանդիպած են եւ առնուազն հինգ զինուորներ վիրաւորուած են։
Նաւերու գրաւումը տեղի ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի՝ Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ հանդիպումէն մէկ օր առաջ։ Յետաձգուած հանդիպման ընթացքին պիտի քննուէր Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացը։
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի դատապարտեց նաւատորմիղին դէմ «ուժի անհամեմատ օգտագործումը»։
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք ցաւ յայտնեց արձանագրուած զոհերուն համար, սակայն բռնարարքներուն համար այպանեց նաւատորմիղի կազմակերպիչները՝ անոնց ջանքերը կոչելով հակաիսրայէլեան ուժերու կողմէ «քաղաքական գրգռութիւն» մը։
Իսրայէլեան ապահովական ուժերը Իսրայէլի մէջ պատրաստ վիճակի մէջ դրուեցան եւ կառավարութիւնը իսրայէլացի քաղաքացիները զգուշացուց Թուրքիա այցելելէ, ինչպէս նաեւ արդէն իսկ այդտեղ գտնուող քաղաքացիներուն թելադրեց անմիջապէս հեռանալ Թուրքիայէն։
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս դատապարտեց իսրայէլեան յարձակումը, որ տեղի ունեցաւ Կազայի ծովեզերքէն 130 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, միջազգային ջուրերու մէջ։
Յունաստան Իսրայէլի մօտ իր դեսպանը կանչելով՝ իր բողոքը ներկայացուց, ինչպէս նաեւ առկախեց երկու երկիրներու օդուժներու միացեալ ռազմափորձ մը։
Նաւատորմիղին ոչ պաշտօնական հովանաւորողը եղող Թուրքիան տուն կանչեց Իսրայէլի մօտ իր դեսպանը եւ ջնջեց երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ նախատեսուած երեք ռազմափորձեր։ Պոլսոյ մէջ զայրացած ցուցարարներ փորձեցին Իսրայէլեան հիւպատոսարան ներխուժել, ապա քաղաքի գլխաւոր հրապարակին վրայ բողոքի ցոյց մը կատարեցին։
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ կատարուածը «ծովահենութեան» համազօր նկատեց եւ մերժեց իսրայէլեան այն յայտարարութիւնները, թէ Կազա ուղղուող նաւերը զինուած էին։ Ան ըսաւ, որ «Այս յարձակումը անպատասխան պէտք չէ մնայ»։ Արընչ նաեւ պնդեց, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը նաւատորմիղի կազմակերպութեան հետ կապ չունի եւ աւելցուց, թէ այդ մէկը կազմակերպուած էր ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ։
Տաւութօղլու յայտարարեց, թէ Իսրայէլ իր այս յարձակումով միջազգային օրէնքը խախտեց։ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլ, իր կարգին յայտնեց, թէ Թուրքիա կ՛ուզէ, որ արագ հետաքննութիւն մը տեղի ունենայ եւ յանցագործները պատժուին։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի օր դատապարտեց իսրայէլեան յարձակումը եւ աւելցուց. «Այս արիւնալի ջարդը ամէն տեսակի անէծքի արժանի է։ Այս յարձակումը միջազգային օրէնքի, մարդկային խղճի եւ աշխարհի խաղաղութեան դէմ է։ Իսրայէլ պէտք է ճանչնայ կացութեան կարեւորութիւնը եւ սրբագրէ իր սխալը»։ Թուրքիոյ վարչապետը Իսրայէլի կոչ ուղղեց անմիջապէս վերցնելու Կազայի շրջափակումը։ «Թուրքիա նոր հաստատուած պետութիւն մը չէ։ Ոչ ոք պէտք է Թուրքիոյ համբերութիւնը փորձէ։ Թուրքիոյ բարեկամութիւնը արժէքաւոր է։ Միւս կողմէ, անոր թշնամանքը բիրտ է։ Թուրք եւ հրեայ ժողովուրդներուն միջեւ միշտ ալ բարեկամական յարաբերութիւններ եւ գործակցութիւն եղած է։ Կը հաւատամ, որ իսրայէլացիներ, որոնք քննադատեցին այս արիւնալի յարձակումը, կը հասկնան այն իրողութիւնը, որ անիկա երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն հասած ծանր հարուած մըն էր», եզրակացուց Էրտողան:
Իր կարգին, Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեզ յայտնեց, որ Կազա ուղղուող նաւերուն նպատակը ոչ թէ մարդասիրական օժանդակութիւնն էր, այլ՝ դաւադրութիւն։ Ան աւելցուց, թէ զոհերուն համար պատասխանատու են բոլոր անոնք, որոնք կազմակերպած էին այդ դաւադրութիւնը։
Նաեւ, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց, որ Իսրայէլ նպատակ չունի տուն կանչելու Անգարայի մօտ իր դեսպանը։