ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Մայիս 29ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Զարգացման հայկական գործակալութեան ղեկավար Ռոպերթ Յարութիւնեան յայտնած է, թէ կը ծրագրուի Հայաստանի մէջ իրականացնել ներդրումային մեծ ծրագիր մը՝ «Մասիս, Սիս եւ Նոր Հայաստան» լճափնեայ հանգստավայր, որուն ընդհանուր արժէքը պիտի կազմէ 500 միլիոն տոլար: «Համալիրը գտնուելու է մայրաքաղաք Երեւանից դէպի հիւսիս ընդամէնը 16 քլմ. հեռաւորութեան վրայ, եւ մօտ է Աշտարակ եւ Աբովեան քաղաքներին, գլխաւոր մայրուղիներին, ինչպէս նաեւ Զուարթնոց օդանաւակայանին», նշած է գործակալութեան ղեկավարը եւ ընդգծած, որ նման ծրագիր մը հսկայական կանխիկ եւ վարկային միջոցներու կարիք ունի, եւ անոր ձեռք բերման համար իրենց օժանդակութիւնը առաջարկած են «Տը Իննովէյշն Քափիթալ»ի մասնագէտները:
Իր հերթին, Հայաստանի մէջ ծրագրի հեղինակային խումբի ղեկավար Արմէն Վարդանեան նշած է, որ արդէն իսկ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ էին, եւ ծրագրի նպատակայարմարութեան ուսումնասիրութեան կարիք կար: «Կատարուեց հետազօտութիւն եւ արդիւնքները յուսադրող են: Ծրագիրը կը նպաստի զբօսաշրջութեան զարգացմանը, կը շրջանառուի Հայաստանի անունը, ինչը կը նպաստի շատ հարցերի, այդ թւում՝ կ՛օժանդակի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչմանը», ընդգծած է Վարդանեան:
Ծրագրի ղեկավարը նախագիծը որոշ առումով կը դիտարկէ իբրեւ «Հայաստանը ողբերգութիւնից 100 տարի անց» ծրագիր: «Համալիրը ընդգրկում է մի քանի 5 աստղանի հիւրանոցներ, ժամանցային վայրեր, ջրամբարի կառուցումը (դեռեւս 1984թ.), այն կը ծառայէ հանրապետութեան կարիքներին, հնարաւորութիւն կը տայ բնական ռեսուռսներն աւելի արդիւնաւէտ օգտագործել», հաղորդած է Վարդանեան, ըստ արուն, ծրագիրը շահութաբեր պիտի ըլլայ ներդնողներուն համար, եւ համալիրի կառուցման ընդհանուր արժէքին մէջ պիտի մտնէ նաեւ Եղուարդի ջրամբարի կառուցումը։
Զարգացման հայկական գործակալութեան ներդրումային խթանման բաժնի տնօրէն Նաթալիա Արծրունի, ամփոփելով ծրագրի ներկայացման հետ կապուած հանդիպումը՝ աւելցուցած է, որ ծրագիրը կ՛ապացուցէ վստահութիւնը երկրի ներդրումային միջավայրին հանդէպ եւ կը նպաստէ վարկանիշի բարձրացման: «Ծրագրի իրականացումը զգալի առաջընթաց կ՛ապահովի Հայաստանը զբօսաշրջութեան կենտրոնի վերածելու համազգային նախագծի իրականացման համար: Ծրագիրը խորհրդանշելու է վերածնուած Հայաստանը Եղեռնից 100 տարի անց», ընդգծած է ան:
Նշենք, որ ծրագրի հեղինակները դիմած են միջազգային համբաւ վայելող ամերիկեան «MGM Miraj» ընկերութեան՝ ծրագիրի կառավարումը ստանձնելու առաջարկով: Նշեալ ընկերութեան չէ առաջարկուած ծրագիրին մէջ նիւթական ներդրում կատարել: Ծրագիրի հեղինակներուն համար աւելի կարեւոր է, որ «MGM Miraj»ը ներդնէ իր մասնագիտական փորձն ու գիտելիքները եւ օգնէ, որ յաջողութեամբ կեանքի կոչուի սոյն ծրագիրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.