ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Իր ինքնութիւնը բացայայտել չուզող ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները անընդունելի կը համարեն Իրանի հիւլէական տագնապին շուրջ Թուրքիոյ եւ Պրազիլի գոյացուցած համաձայնութիւնը եւ աւելցուցած է, թէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Թեհրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու հաստատման հարցով, արդէն իսկ յառաջ կը շարժի։ «Մեր կարծիքով, Թեհրանի մէջ կատարուած միացեալ յայտարարութիւնը հարկ եղած պայմանները չ՛ամբողջացներ», ըսած է ան։ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամները, ներառեալ՝ Ռուսիա եւ Չինաստան, իրենց համաձայնութիւնը յայտնած են Թեհրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատող նախագիծին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.