ՊԱՔՈՒ.- Միջազգային յարաբերութիւններու եւ ռազմավարական վերլուծութեան թրքական կեդրոնի տնօրէն Սինան Օհան հնարաւոր կը համարէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ վարչապետներու եւ Հայաստանի նախագահի միջեւ բանակցութիւններու կայացումը։ Ատրպեճանական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ, ան ըսած է, որ ներկայիս կ՛ընթանան հանդիպումի կազմակերպման առնչուող նախապատրաստական աշխատանքներ։ Սակայն, ցարդ Հայաստանի նախագահի համաձայնութիւնը ստանալու ջանքերը չեն արդիւնաւորուած։
«Վերջերս Սարգսեանը անցած է աւելի կտրուկ յայտարարութիւններու եւ սպառնալիքներու։ Ատիկա պատահական չէ։ Սարգսեան չ՛ուզեր համաձայնիլ այդ հանդիպումին, որովհետեւ այդ պարագային, ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հետ Թուրքիոյ կապը բացայայտ կ՛ըլլայ: Այդ առնչութեամբ, Անգարա ճնշում կը գործադրէ Մոսկուայի վրայ, իսկ Մոսկուան, իր կարգին՝ Երեւանի վրայ», ըսած է Օհան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.