ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը Յունիս 3ին բացասական եզրակացութիւն տուաւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներուն հեղինակած «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանաչելու մասին» օրինագիծին, որուն կողմ քուէարկած էին «Ժառանգութիւն» խմբակցութենէն Ստեոփա Սաֆարեանն ու ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանը, ձեռնպահ մնացած էր յանձնաժողովի նախագահ, ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արմէն Ռուստամեանը, իսկ դէմ՝ իշխող միասնական խմբակցութիւններու 4 ներկայացուցիչներն ու մէկ անկախ պատգամաւոր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.