
ՊՈԼԻՍ, «Փանորամա».- Թրքական «Interhaber» լրատուական կայքէջին տուեալներով, «Սթամպուլը 2010 եւրոպական մշակոյթի մայրաքաղաք» գործակալութիւնը սկսած է Գում Գափու թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Որդուոց Որոտման եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքներուն:
1641էն ի վեր, նշեալ եկեղեցին ծառայած է իբրեւ պատրիարքարան: 1940ականներուն անիկա օգտագործուած է իբրեւ շղթաներու եւ լարերու արտադրութեան գործարան, իսկ երկրաշարժներու ժամանակ ծառայած է իբրեւ ապաստանարան: Այժմ նախատեսուած է հայկական այդ եկեղեցին վերածել արուեստի միջոցառումներու կայացման վայրի: