ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մեր մամուլի էջերուն հրատարակուած հպարտառիթ լուր մը վստահաբար շոյեց իւրաքանչիւր հայու ազգային արժանապատուութիւնը եւ ապացոյց հանդիսացաւ, որ կարելի է մինչեւ իսկ համեմատաբար սահմանափակ ուժերով նահանջ պարտադրել Ցեղասպանութիւնը ուրացող իշխանաւորներուն։
Արժանթինի հայութեան ճիգերուն շնորհիւ, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան հարկադրուած զգացած է ջնջելու Արժանթին իր 31 Մայիսի այցելութիւնը ու գլխիկոր իր երկիրը վերադարձած է։ Հայ Դատի յանձնախումբը՝
պերճախօս ներկայացուցիչը արժանթինահայերուն, յիշեցուցած է Պուենոս Այրեսի քաղաքային իշխանութիւններուն, ու անոնց ճամբով՝ երկրի իշխանաւորներուն, որ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիրի կոչումը վայելող Մուսթաֆա Քեմալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող մըն էր եւ ուրացումի իր վարքագիծը ժառանգ թողած է իր յետնորդներուն, որոնց շարքին՝ Թուրքիոյ այսօրուան վարիչներուն։ Ըստ այնմ, պատկան իշխանութիւնները մերժած են արտօնել Մուսթաֆա Քեմալի յուշարձանին զետեղումը իրենց քաղաքին մէջ։
Արժանթին եղած է առաջիններէն, որ ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը եւ հետեւողական կերպով կանգնած է մեր արդար պահանջատիրութեան կողքին, առանց ամօթալի բառախաղեր ընելու։ Էրտողանին «երթաս բարի» ըսելու ժեսթը նորագոյն արտայայտութիւնն է Արժանթինի ու խրամատակիցներու արդար կեցուածքին։ Անիկա երկնատուր ներշնչումի արդիւնք չէ, այլ, կրկնենք, արդիւնքն է Արժանթինի պահանջատէր հայութեան ու անոր կամքին թարգմանը եղող Հայ Դատի յանձնախումբի հետեւողական աշխատանքներուն։
Պէ՞տք է հարց տալ, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ արդիւնքը՝ մեր արդար պահանջներուն ի խնդիր նմանօրինակ ճիգերու, եթէ անոնք լիարժէքօրէն վայելեն մեր հայրենի պետութեան կարողականութիւններուն նեցուկը։
Տակաւին, կ՛արժէ անգամ մը եւս ընդգծել, որ նման արդիւնքներ կախեալ չեն իրաւատէր ժողովուրդի տուեալ մէկ գաղութի թիւին մեծութենէն կամ փոքրութենէն։ Փաստօրէն, այլ գաղութներու բաղդատած՝ Արժանթինի համեմատաբար փոքրաթիւ մեր գաղութը՝ բուռ մը՝ աշխարհացրիւ հայութենէն, կարեւոր կոլ մը նշանակած է Թուրքիոյ բերդէն ներս, շնորհիւ հետեւողականութեան ու արդարութեան դրօշը բարձր բռնելուն, մինչդեռ մեր բերդին մէջ կը շարունակենք այլուր կոլեր ստանալ…