ՄՈՍԿՈՒԱ, »Էյ.Փի.Էյ.«.- Ատրպէյճանի խորհրդարանի խօսնակ Օկթայ Ասատովի հետ Հինգշաբթի, Յունիս 3ին ունեցած հանդիպումէ մը ետք, Ռուսիոյ խորհրդարանի Դաշնակցային խորհուրդի (ծերակոյտ) նախագահ Սերկէյ Միրոնով յայտարարած է, թէ Ռուսիա ցարդ չէ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղը եւ պիտի չճանչնայ զայն, միաժամանակ քննադատելով Արցախի ընտրութեան ընթացքին ռուս խորհրդարանականներուն այցելութիւնը:
Երկու ղեկավարները նաեւ շեշտեցին Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ սերտ յարաբերութիւնները պահպանելու եւ զանոնք աւելի ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Ըստ Ասատովի, Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը կը մնայ շրջանի երկիրներուն զարգացման դէմ կանգնած գլխաւոր խոչընդոտը, եւ յոյս յայտնեց, որ Ռուսիա աւելի գործօն դերակատարութիւն կ՛ունենայ Արցախի հակամարտութեան լուծում մը գտնելու աշխատանքներուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.