Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Երկուշաբթի, 31 Մայիսին, Իսրայէլ ոճիրով մը «հարստացուց» անմարդկային ու անօրինական իր արարքներուն բազմահատորեակը, երբ իսրայէլեան բանակի մասնայատուկ ուժերէն ջոկատ մը մարտանաւերով ու ուղղաթիռներով յարձակում գործեց դէպի Կազա ուղղուող նաւատորմի մը վրայ։ Մարդկային իրաւանց պաշտպան շուրջ 700 «ֆետայիներ» կը փորձէին վեց նաւերով սննդական եւ բժշկական նպաստ հասցնել Կազայի բնակիչներուն, որոնք շուրջ երեք տարիէ ի վեր բռնուած են Իսրայէլի պարտադրած հեղձուցիչ պաշարման օղակին մէջ։ Ինկան աւելի քան տասնեակ մը զոհեր, աւելի մեծ թիւով վիրաւորներ, իսրայէլեան ուժերը նաւերն ու ցուցարար-բարերարները գերի տարին Աշտոտ նաւահանգիստը, յայտարարելով, որ նպաստը իսրայէլեան միջոցներով պիտի հասնի Կազա։ Դէպքը հպանցիկ կերպով յիշեցուց, որ Իսրայէլ Կազայի շուրջ պաշարման օղակ պարտադրած էր, որովհետեւ… «Համաս» շահած էր ընտրութիւնները։
Քանի մը ժամ խլած միջադէպը լայն արձագանգ գտաւ աշխարհի չորս ծագերուն։ Իսրայէլեան իշխանութիւնները արդարօրէն դատապարտուեցան, երկրէ երկիր ցուցարարներ իրարու արձագանգ եղան՝ պահանջելով, որ կազացիներուն պարտադրուած պաշարումը քակուի, Իսրայէլ վերջ դնէ անմարդկային վերաբերմունքին։
***
31 Մայիսի միջադէպը ուշագրաւ երեւոյթներու բացայայտման առիթ ծառայեց տարբեր գիծերու վրայ։
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ շրջագիծի մէջ, արձանագրուեցաւ անհեթեթութիւններու կոյտ մը, որ եթէ աննախընթաց չէր, գոնէ յատուկ է իսրայէլեան ոճրային քաղաքականութեան, վարքագիծ մը, զոր Թէլ Աւիւի վարիչները եւ զանոնք պաշտպանող-հովանաւորողները ամէն կերպ կը փորձեն քողարկել, մեղմ գիծերով ներկայացնել, երբեմն ալ արդարացնել՝ «հաւասարակշռուած դիրքորոշում» ցուցաբերելու ծիծաղելի տենդով մը։
Օժանդակութիւն փոխադրող նաւատորմին Կազա ուղեւորութիւնը աննախընթաց չէր, ոչ ալ տեղի կ՛ունենար քողածածուկ կերպով։ «Ազատագրեցէք Կազան» խորագրին տակ սկիզբ առած այս նորագոյն շարժումին առաջնորդները շաբաթներ առաջ հրապարակած էին իրենց դիտաւորութիւնը, միաժամանակ յայտարարելով, որ նախընթաց ձախող փորձերուն կրկնութիւնը տեղի պիտի չունենայ, այլ վճռած են քանդել պաշարման օղակը ու մարդկայնութիւն պարտադրել… Իսրայէլի։ Իսրայէլեան բանակը, իր կարգին, Երկուշաբթիի յարձակումով կը գործադրէր ի՛ր խոստումը եւ, արիւնահեղութիւն պատճառելէ ետք, կը ձեռնարկէր ինքնարդարացման փորձերու, որոնք այս անգամ աւելի՛ ծիծաղելի դուրս եկան, քան նախընթաց բազմաթիւ փորձերու պարագային։ Իսրայէլեան բանակը «խռովարարներ» կոչեց օժանդակութիւն բերողները, փորձեց աշխարհը համոզել, թէ իր զինուորները «ինքնապաշտպանութեան դիմած էին» նաւատորմին վրայ յարձակելով, թէ՝ «խռովարարները» բիրերով, մկրատներով, պարսատիկներով ու զինուորներէն խլուած ատրճանակներով յարձակած էին բանակայիններուն վրայ։ Այլ անհեթեթութիւն մըն էր բանբերի մը այն հաւաստիքը, թէ իսրայէլացի զինուորները ունէին միայն գունաւորումի գնդիկներ արձակող զէնքեր (պատանիներու մէկ շատ սիրած խաղալիքը), մինչդեռ «չարագործ» նաւազները, յայտնապէս անտեղեակ՝ որ իսրայէլացի զինուորները իրենց հետ հաճելի խաղ մը խաղալու եկած էին, զանոնք դիմաւորած են բիրտ միջոցներով։
Ի դէպ, յարձակումը տեղի ունեցաւ միջազգային ջուրերու մէջ, իսրայէլեան ծովափէն շուրջ 100 քլմ. հեռու. իսրայէլեան նախայարձակ ուժերը փութացին խզել օժանդակութիւն բերող նաւատորմին հաղորդակցութեան միջոցները, որպէսզի Իսրայէլ ըլլայ իրադարձութեանց մասին տեղեկատուութեան միակ աղբիւրը եւ փորձէ աշխարհը համոզել իր… սուտերով, ինչպէս ըրած է միշտ, եւ հաւատացողներ գտած է քիչ մը ամէն տեղ։
ԹՐՔԱԿԱՆ գիծի վրայ տեղի ունեցան այլ ուշագրաւ զարգացումներ, որոնք ստեղծեցին նաեւ այն տպաւորութիւնը, որ տեղ մը սարքովի բան մը կայ։ Արդարեւ, նաւատորմին ճամբորդութեան վերջին օրերուն, Թուրքիոյ վարիչները յանկարծ «առիւծի կաթ» խմողի դիրք բռնեցին ու նախ՝ աշխարհին ներկայացան հակաիսրայէլեան այս գործողութիւնը նախաձեռնողի հանգամանքով, մինչդեռ իրաւապաշտպանները տարբեր ազգերէ էին՝ ամերիկացիներ, եւրոպական երկիրներէ ներկայացուցիչներ, արաբներ, նաեւ թուրքեր՝ մարդկային իրաւանց պաշտպան թրքական կազմակերպութիւններէ։ Թուրքիոյ իշխանութեան վերնախաւը յանկարծ հանդէս եկաւ… մարդկային իրաւուքներու պաշտպանի դիրքէ, գործնապէս պաշտպան դաւանեցաւ անոնց՝ որոնք Անգարայի իշխանութիւնները յաճախ ամբաստանած ու դատապարտած են երկրէն ներս մարդկային իրաւունքներ ոտնակոխելու յանցանքով։ Տակաւին, թուրք պետական «հերոսներ» Իսրայէլը ամբաստանեցին «պետական ոճիր» եւ «ցեղասպանական արարք» գործելու յանցանքներով, ու պահանջեցին, որ Իսրայէլ ներողութիւն խնդրէ Թուրքիայէն։
Ոչ ոք մտաբերեց (բացի հայերէս), որ ցեղասպան վարչակարգի մը՝ պետական ոճիրներ կազմակերպող ու գործադրող վարչակարգի մը ժառանգորդները իրենք զիրենք ծիծաղելի կը դարձնեն նման դիրքորոշումներ որդեգրելով. գտնուեցան թուրք «ասպետները» մօտէն ու հեռուէն ծափահարողներ ալ։
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ գիծի վրայ, ծիծաղելիութեան այլ մրցանիշ մը հաստատելու ճիգ եղաւ կարծէք։ Ուաշինկթըն խուսափեցաւ իր անունով կոչելէ ոճիրը, նորագոյն ապացոյց մը տալով նոր վարչամեքենային թոյլ, ու պատասխանատուութենէ խուսափող վարքագիծին մասին։ Ուաշինկթըն բաւականացաւ ձայնակցելով ՄԱԿէն արձակուած դատապարտումին եւ վստահութիւն յայտնեց, որ Իսրայէլ անաչառ ու արդար քննութիւն պիտի բանայ միջադէպին շուրջ։ Իսրայէլեան ծանօթ վարքագիծին ծանօթ պարզամիտն անգամ կրնայ ճշգրիտ կերպով հետեւցնել, թէ ի՛նչ պէտք է հասկնալ «Իսրայէլէն կը պահանջուի անաչառ քննութիւն» ըսելով…
ՄԱԿի մակարդակին վրայ, բնական վրդովմունքին դիմաց, անգամ մը եւս ի յայտ եկաւ անհեթեթի թատրոնին հաւատարմութեան վարքագիծ մը։ Նիւ Եորքէն արձակուած դատապարտումի, բողոքի ու զայրոյթի արտայայտութիւնները եզրակացուեցան նմանապէս «անկողմակալ քննութիւն պէտք է բացուի» պահանջով։ Նման կեցուածքներ դիտող եւ յիշողութիւն կոչուած «ապրանքէն» չհրաժարած մարդիկ արդարօրէն կրնան հարց տալ, թէ ՄԱԿի պահանջած-կատարած-նախաձեռնած ո՞ր անկողմնակալ քննութիւնները շօշափելի արդիւնք ու ազդեցութիւն ունեցած են ցարդ. Ռիչըրտ Կոլտսթոն ՄԱԿի մէկ քննիչը չէ՞ր, որ Կազայի վրայ աւելի քան երկու տարի առաջ գործուած ահաւոր յարձակումին մասին անկողմնակալ տեղեկագիր մը ներկայացնելէ ետք, ոտքին տակ իսրայէլեան օճառ զգաց, անոր տեղեկագիրը Իսրայէլի կողմէ անընդունելի հռչակուեցաւ. Կոլտսթոնը նշանակողին հետ, Ուաշինկթըն ու Իսրայէլի պաշտպանները կուլ տուին «իսրայէլեան կարկանդակը»։ Նման կացութիւններ ստեղծուած էին նաեւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան 2006ի յարձակումէն ետք, նաեւ անկէ շա՜տ առաջ, երբ անմեղներու ջարդը միշտ ալ կը ծածկուէր այս կամ այն պատրուակով, պատճառաբանութեամբ։ ՄԱԿի պաշտօնատարները արդեօք կ՛անդրադառնա՞ն, թէ հասած են վիճակին հեքիաթային այն թագաւորին, որ կը կարծէ թէ գեղեցիկ զգեստներ հագած է, մինչդեռ իսկութեան մէջ ժողովուրդին դիմաց կանգնած է մերկ, զուրկ՝ մինչեւ անգամ փոքր տերեւէ մը…
***
Եթէ նաւատորմին կապուած զարգացումները պահ մը դիտենք դէպքին նեղ սահմաններէն անդին, քանի մը աւելի՛ լայն օղակներու ծիրին մէջ, մեր աչքերուն առջեւ կը պարզուին շարք մը երեւոյթներ, որոնք բարացուցական են շպարումներով հարստացող մեր նոր աշխարհին համար։
Կանգ առնենք այդ երեւոյթներէն գոնէ մէկուն առջեւ, որ կը կոչուի թրքական շահատակութիւն։
Թուրքիա այս դէպքին առիթով արաբական-իսլամական երկիրներուն ու աշխարհին ներկայացաւ իր իսկական դիմագիծը բարերարի դիմակով զարդարած դիրքէ։ Իսրայէլը, խորքին մէջ՝ Միջին Արեւելքի իր գլխաւոր դաշնակիցը խիստ ու բարկացոտ արտայայտութիւններով ամբաստանելով, Թուրքիա կը փորձէ լաւագոյնս խաղալ իրեն վերապահուած դեր մը, որուն խորագիրն է արաբական ու իսլամական աշխարհին մէջ դառնալ խաղաղարար միջնորդ։ Անգարա սկսած է յաջողութիւններ արձանագրել, շնորհիւ անցեալի իր բռնադատութիւնները մոռացութեան տուող իշխանութեանց։
Զուգահեռ գիծի մը վրայ, եւ հազիւ երկու շաբաթ առաջ, Թուրքիա, այդ անգամ ամերիկացի դաշնակիցներուն հակադրուելու գնով, ուշագրաւ դերակատարութիւն մը ունեցաւ Իրանի ուղղութեամբ, պաշտպան դառնալով անոր կորիզային արհեստագիտութեան զարգացման գաղափարին։ Երբեք պէտք չէ մտահան ընել, որ Իրանի դէմ ամերիկեան ու ընդհանրապէս արեւմտեան մեքենայութիւններուն մէջ չափազանցեալ ու սարքովի շատ բան կայ։ Յիշողութիւն ունեցողներ վստահաբար չեն մոռցած, որ Իրաքի վրայ յարձակումը կատարուեցաւ սուտերու «հիմամբ» (մեր նոր աշխարհին մէջ սուտն ալ կրնայ հաստատուն հիմք ծառայել, չէ՞)։ Յիշողութեան կորուստէ չտառապողներ նաեւ գիտեն, որ պաղեստինցիներուն պաշտպան երեւցող Թուրքիան իր բանակներն ու օդանաւերը հիւսիսային Իրաքի քիւրտերուն դէմ կ՛արձակէ համազօր անմարդկայնութեամբ, որուն հակադարձելու համար, քիւրտերը թրքական բանակներուն դէմ կը գործադրեն մահացու ահաբեկումներ (վերջիններէն մէկը՝ Ալեքսանտրէթի մէջ, նոյն Երկուշաբթի օրը. հինգ թուրք զինուորներու սպանութեան վրայ լուսարձակներ չերեւցան…)։
***
Կրկնութեան գնով անգամ մը եւս արձանագրենք, որ իսրայէլեան յարձակումն ու ինքնարդարացումի փորձերը ապօրինութեան ու անհեթեթութեան գլուխ գործոցներ էին։
Կ՛արժէ հարց տալ, թէ իսրայէլացի պաշտօնատարներ ու բանբերներ ի՞սկապէս տխմար են, ու կը հաւատա՞ն, թէ իրենց չքմեղանքները առանց վերապահութեան, կասկածանքի ու առարկութեան՝ հալած իւղի պէս կուլ պիտի տրուին լսողներուն կողմէ։ Հաւանաբար ոչ։ Սակայն նման արտայայտութիւններ եթէ մէկ կողմէ ամբարտաւանութեան աղաղակող ցուցանիշներ են, միւս կողմէ, անոնք ի յայտ կը բերեն արտառոց ինքնավստահութիւն մը, որ գոյացած է յաճախակի ոճիրներու անպատիժ թողուելէն, ոճրային արարքներուն Արեւմուտքի իրողական մեղսակցութենէն, որ արտայայտութիւն կը գտնէ Իսրայէլը ամէն գնով պաշտպանելու, եւ ջարդի, հալածանքի ու բռնաճնշումներու ենթակայ պաղեստինցիներուն մօտ անպայման յանցանքի շերտ մը պեղել-յայտնաբերելու տենդով։ Ու բնական չէ՞, որ Իսրայէլի իշխանաւորները ոճրային անտարբերութեամբ ու հետեւողականութեամբ շարունակեն իրենց ապօրինի արարքները, խոստմնադրուժ ընթացքը, երբ պաղեստինցիներէ նորանոր հողեր գրաւելու, արաբական հողերու վրայ հրէական բնակեցման վայրեր կառուցելու քայլերը կը դիմաւորուին շրթունքէն անդին չանցնող ամերիկեան բարենպատակ կոչերով, Արեւմտեան Ափին շուրջ հիւսուող «Բաժանման Պատ»ը կը մնայ խախաղ լուծումի հականիշներէն մէկը։
Յամենայնդէպս, յառաջիկայ օրերուն պէտք է նոր արարներ սպասել 31 Մայիսին բացուած ողբերգական դիպաշարին մէջ. մարդկային իրաւանց պաշտպաններ որոշած են իրերայաջորդ նաւատորմեր ղրկել Կազա, նոր մարտահրաւէր ուղղելով Իսրայէլի։ Նաւերէն մէկը անուանակոչուած է Ռէյչըլ Քորի, ի պատիւ այն ամերիկացի երիտասարդուհիին, որ շուրջ եօթը տարի առաջ ջախջախուեցաւ իսրայէլեան պուլտոզըրի մը տակ, երբ կը փորձէր արգելք կանգնիլ պաղեստինցիներու բնակարաններուն քանդումին։ Իսրայէլ այդ օրն ալ յայտարարած էր, թէ պուլտոզըրը վարողը չէր տեսած Ռէյչըլը…