ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- ՀԵԴի Երիտասարդական ջոկատներ ծրագիրին կազմակերպիչներն ու մասնակիցները տօնեցին ծրագիրին 15ամեակը՝ այդ նպատակով կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մայիս 22ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն սկսեալ, Փասատինա գտնուող Տիմիճեաններու բնակարանէն ներս:
Հաւաքին նպատակն էր՝ լուսարձակի տակ առնել հայրենիքէն ներս հայ երիտասարդներուն գործնական ներդրումի առիթ տուող սոյն ծրագիրի իրագործումները, միաժամանակ յաւելեալ աջակցութիւն ապահովել ծրագրին երկրորդ ճամբարը հաստատելու աշխատանքներուն:
Ծրագիրը կը գործէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ դրած 1994ի զինադադարէն ի վեր: Անոր առաջին տարիներուն, ճամբարներ կազմակերպուած էին Արցախի Մարտունի շրջանին մէջ՝ նպաստելով գրեթէ ամբողջութեամբ քանդուած Աշան գիւղը վերանորոգելու աշխատանքներուն: Նման աշխատանքներ կատարուեցան նաեւ Ստեփականակերտի, Վայքի եւ Շուշիի մէջ:
2008էն ի վեր աշխատանքը կեդրոնացած է Գիւմրիի մէջ, ուր կարօտեալ երեխաներու համար չորս շաբաթեայ ճամբարներ կը կազմակերպուին:
Ծրագիրը նաեւ ամուր կապեր կը ստեղծէ Սփիւռքէն հայրենիք մեկնող երիտասարդներուն եւ հայրենիքի սահմաններէն ներս ապրող անոնց հայրենակիցներուն միջեւ:
Այս վերջին հաստատումին վկաներն էին ծրագրին տարբեր տարիներու մասնակցողները, որոնք իրենց փորձառութինները բաժնեցին ներկաներուն հետ:
Այս տարուան ծրագրին կը մասնակցին 10 հայորդիներ, որոնցմէ ինն Քալիֆորնիայէն, իսկ տասերորդը՝ Գանատայէն:
Խումբը Հայաստան պիտի հասնի Յուլիսի սկիզբը եւ անցեալ տարուան նման, պիտի պահէ համացանցային օրագրութիւն մը, որուն կարելի է հետեւիլ www.ayfyouthcorps.org համացանցային կայքէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.