ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Հինգշաբթի, 27 Մայիս 2010ի երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի «Սքայլայն» հիւրասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերու յաղթանակի պարահանդէսին մեկնարկը՝ մեծ թիւով ՀՄԸՄականներու եւ համակիրներու ներկայութեամբ:
Նաւասարդեան Յաղթանակի պարահանդէսի կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ներկաները ողջունեց յանձնախումբի ատենապետ Վահագն Թովմասեանը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ընդգծեց իւրայատուկ ըլլալու իրողութիւնը 2010 տարեշրջանի Նաւասարդեան մարզախաղերուն, որոնք կը թեւակոխեն իրենց 35րդ տարին. երեւոյթ մը, որ մեծապէս գնահատելի է:
«ՀՄԸՄը հաստատուն հիմնարկ մըն է եւ հարուստ նպատակներով կը գործէ, ի սէր մեր երեխաներուն եւ մեր երիտասարդութեան դաստիարակութեան: Մենք բոլորս հոս ենք, որովհետեւ կ՛ուզենք մեր զաւակները ընդգրկուին ՀՄԸՄի առողջ միջավայրի մէջ: Այո, հոս ենք, որովհետեւ կը հաւատանք այս կազմակերպութեան առաքելութեան: Այն երիտասարդ կազմակերպութեան, որ կը ներշնչէ ու կը խրախուսէ մեզ: Եւ մենք հաւատքով կը գործենք անոր «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանի հովանիին տակ», հաստատեց Վ. Թովմասեան եւ վստահեցուց, թէ Յաղթանակի պարահանդէսին պիտի գործադրուի գեղեցիկ ծրագիր մը, որուն մէջ նկատի առնուած են Նաւասարդեանի 35ամեակի կնքահայրերը, ապա, այս իմաստով կոչ ըրաւ ներկաներուն ստանձնելու այդ պարտականութիւնը:
Ապա, ներկայացուց ձեռնարկին ներկայ կազմակերպիչ յանձնախումբին անդամները.
* Ժասիկ æառահեան
* Միմի Մելքոնեան
* Սօսի Դաւիթեան
* Սիւզի Ծերոնեան-Խանզադեան
* Սալբի Ճէճէեան
* Քրիսթին Պետոյեան
* Նորա Չափարեան
* Կարինէ Աւանէս
Այնուհետեւ հրաւիրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեանը, փոխանցելու համար Շրջ. վարչութեան պատգամը: Եղբայրը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք կազմակերպիչ յանձնախումբին՝ նման յաջող ձեռնարկի մը կազմակերպման համար, յայտարարեց ներկայութիւնը տիկին Ալիս Անտոնեանին, որ իր ամուսնոյն՝ հանգուցեալ Գէորգ Անտոնեանի, յիշատակին՝ կը հովանաւորէ ՀՄԸՄի Կեդրոնի սրահը:
Ս. Արթինեան ներկայացուց նաեւ օրուան պաշտօնական հիւրերը, որոնց կարգին էին ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան անդամուհիներ Մաքօ Սեդրակեան եւ Անի Կիրակոսեան, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու անցեալի պատուոյ նախագահներ՝ Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեաններ, Հրաչ Անտոնեան, Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեաններ, Վահագ եւ Պայծառ Թովմասեաններ, նաեւ Տիպար ՀՄԸՄականներ՝ Զաքար Չորպաճեան, Ժասիկ æառահեան: Եղբայրը յայտարարեց անունները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նաւասարդեան մարզախաղերու եւ յատկապէս Յաղթանակի պարահանդէսին բոլոր հովանաւորներուն, այնուհետեւ յատուկ գնահատանք արձանագրեց ՀՄԸՄական բոլոր այն կամաւորներուն, որոնք երկար ժամեր կը տրամադրեն՝ ծառայելով ՀՄԸՄին:
Այնուհետեւ, Ս. Արթինեան ներկայացուց Յաղթանակի պարահանդէսին հանդիսավարը՝ Միացեալ հայկական ֆոնտի նախագահ Յարութ Սասունեանը, ընդգծելով անոր մատուցած անսահման ծառայութիւնները հայկական գաղութին: Իսկ ներկայացնելով «Տիպար ՀՄԸՄական-2010» տիտղոսին արժանացած Պերճ Ճամճեանը՝ ընդգծեց անոր այն բոլոր արժանիքները, որոնք այս տիտղոսին դրդապատճառ հանդիսացան:
Իր ելոյթի վերջին բաժինով, Ս. Արթինեան ներկայացուց ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Ճորճ Ժամկոչեանը եւ ըսաւ. «Եղբ. Ժամկոչեան միշտ կապուած եղած է հայկական մեր համայնքին: Անցեալ տարի ան արձագանգելով Նաւասարդեան Յաղթանակի պարահանդէսին մասին «Ասպարէզ»ի մէջ լոյս տեսած յայտարարութեան՝ ներկայ գտնուած եւ վայելած էր Յաղթանակի պարահանդէսը: Իսկ այս տարի, հեռաձայնած եւ սիրայօժար առաջարկած էր ստանձնել Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը: Եղբօր առաջարկը գրկաբաց ընդունուեցաւ: Եղբ. Ժամկոչեան ներկայիս պատուոյ անդամ է ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին»:
Այնուհետեւ, հրապարակը յանձնուեցաւ «Տիպար-ՀՄԱՄական»ներէն քոյր Ժասիկ æառահեանին, որ առաջին հերթին խրախուսեց ներկաները ստանձնելու Յաղթանակի պարահանդէսին կնքահայրութեան պարտականութիւնը:
«ՀՄԸՄի նման մեծ կազմակերպութեան համար, նման ձեռնարկները միայն հպարտանք ենք պատճառում մեզ՝ բոլորիս: Պէտք է զօրակցինք ՀՄԸՄին, որպէսզի ան օրից օր հզօրանայ, բազմապատկի իր շարքերը՝ ոչ մի երիտասարդ անոր բարիքներից չզրկելով», շեշտեց ընկերուհին:
Ան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ ղեկավարեց տոմսերու վաճառքը, որ տեղւոյն վրայ արդէն մեծ թիւով մասնակիցներ ապահովեց:
Երեկոն վերջ գտաւ ուշ գիշերին. ներկաները գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն՝ Շաբաթ, 26 Յունիսի երեկոյեան, դարձեալ նոյն պանդոկին սրահը վերադառնալու խստումով, մասնակցելու համար Նաւասարդեան յաղթանակները յատկանշող պարահանդէսին: