ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ համայն աշխարհը ականատես եղաւ թուրք ղեկավարի կողմէ այնպիսի հրաշալի դերակատարումի մը, որ նոյնիսկ հոլիվուտեան ամենափորձառու աստղերու նախանձը կրնար շարժել: Թուրքիոյ վարչապետը արժանի է Օսկարի մրցանակի ինքզինք իբրեւ մեծ մարդասէր եւ պաղեստինեան ժողովուրդի պաշտպան ներկայացնելու համար: Կազայի հատուածի ժողովուրդը, անկասկած, ճնշումներու կ՛ենթարկուի եւ զրկանքներ կը կրէ, սակայն Էրտողանը անոնց փրկութեան ասպետը չէ: Կարելի չէ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան ըլլալ՝ կեղտոտ ձեռքերով: Ասիկա երկերեսանիութեան գագաթնակէտն է:
– Ինչպէ՞ս կրնայ 17 տարի շարունակ Հայաստանը շրջափակած Թուրքիան բարոյապէս իրաւունք տալ ինքնիրեն կոչ ուղղելու Իսրայէլին՝ վերցնելու Կազայի շրջափակումը:
– Ինչպէ՞ս կրնայ Էրդողանը դատապարտել Իսրայէլի յարձակումները պաղեստինցիներուն վրայ, երբ թրքական օդուժը պարբերաբար կը ռմբակոծէ Հիւսիսային Իրաքը (Քուրտիստանը)՝ սպանելով ու խեղելով անմեղ մարդոց, կիներու եւ երեխաներու:
– Ինչպէ՞ս կրնայ Թուրքիոյ վարչապետը դատապարտել պաղեստինցիներու հանդէպ Իսրայէլի դաժան վերաբերմունքը, երբ իր սեփական երկրէն ներս ալեւիները, ասորիները, հայերը, յոյները, հրէաները եւ քիւրտերը զրկուած են իրենց ամենատարրական իրաւունքներէն:
– Ինչպէ՞ս կրնայ Թուրքիան խօսիլ Պաղեստինի կամ Արցախի բռնագրաւման մասին, երբ ան բռնագրաւած է Հիւսիսային Կիպրոսն ու Արեւմտեան Հայաստանը:
– Ինչպէ՞ս կրնան թուրք ղեկավարները մեղադրել Իսրայէլին եւ Չինաստանին «ցեղասպանութիւն» գործադրելու յանցանքով, երբ իրենք կը ժխտեն Թուրքիոյ իրագործած՝ 1,5 միլիոն հայերու Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
– Ինչպէ՞ս կրնայ Թուրքիան ինքնիրեն յայտարարել Պաղեստինի հարցի պաշտպան եւ իսլամական աշխարհի առաջնորդ՝ ըլլալով Մերձաւոր Արեւելքի Իսրայէլի աւելի քան կէսդարեայ ամենամօտ ռազմական դաշնակիցը, ինչպէս նաեւ թոյլ տալով Իսրայէլի օդուժին թրքական օդային տարածքները օգտագործել՝ ռմբակոծման փորձեր կատարելու համար ընդդէմ արաբական երկիրներու եւ Իրանի:
– Ինչպէ՞ս կրնան Սուրիան, Իրաքը եւ Իրանը վստահիլ Թուրքիոյ, երբ վերջինս վտանգի կ՛ենթարկէ իրենց ազգային ապահովութիւնը՝ թոյլ տալով Իսրայէլին հետախուզական կայաններ տեղադրել սահմանի երկայնքով՝ լրտեսելու համար իրենց երկիրները:
– Ինչպէ՞ս կրնայ էրդողանը մարդկային իրաւունքներու պաշտպան ըլլալ, երբ իր երկրին մէջ բազմաթիւ լրագրողներ, իրաւաբաններ, կղերականներ ու մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ կը հետապնդուին՝ նոյնիսկ կը սպաննուին:
– Ինչպէ՞ս կրնան թուրք ղեկավարները պնդել, որ Իսրայէլը «ահաբեկչական պետութիւն» է, մինչ կը շարունակեն պահպանել անոր հետ կնքած ռազմական դաշինքն ու բազմամիլիառ տոլարներու առեւտուրը: Թուրքիան կը ձեւացնէ, թէ կողմ է արաբական երկիրներուն՝ սակայն միեւնոյն ժամանակ դաւեր կը նիւթէ Իսրայէլի հետ՝ ի վնաս իրենց ազգային անվտանգութեան:
Իսրայէլը եւ Միացեալ Նահանգները հաւասարապէս պատասխանատու են Թուրքիոյ երկերեսանի կեցուածքին համար. անոնք միասնաբար աջակցած, պաշտպանած եւ քօղարկած են թուրքերու կողմէ մարդկային իրաւունքներու բազմաթիւ ոտնահարումները, Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը, ինչպէս նաեւ քիւրտ փոքրամասնութեան ճնշումն ու էթնիկ զտումները: Վերջին 60 տարիներու ընթացքին Միացեալ Նահանգները եւ ՆԱԹՕի միւս անդամ երկիրները միլիառաւոր տոլարներու արտաքին օգնութիւն եւ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերած են Թուրքիոյ՝ անոր հաւատարմութիւնը շահելու ապարդիւն ակնկալումով: Ասիկա Միացեալ Նահանգներու համար միջոցներու վիթխարի վատնում է, որովհետեւ Թուրքիան Իրաքի պատերազմի սկզբնական շրջանին ամերիկեան զօրքերուն նոյնիսկ թոյլ չէր տար անցնիլ իր երկրի սահմանը:
Թուրքիան ճարպկօրէն շահարկեց դէպի Կազայի հատուած ուղեւորուող օգնութեան նաւատորմի վրայ Իսրայէլի անխոհեմ յարձակումը եւ կը փորձէ լրացնել այն բացը, որ առաջացած է արաբական պետութիւններու անպատասխանատու անգործութեան հետեւանքով: Էրտողան նոյնքան մեղաւոր է օգնութիւն տանող գործիչներու սպանուելուն եւ վիրաւորուելուն համար, որքան եւ Իսրայէլի ղեկավարները: Ան լռելեայն խրախուսած է, որ անոնք նաւարկեն դէպի Կազայի ծովափ՝ քաջ գիտնալով, որ արիւնալի առճակատումը անխուսափելի է, եւ որ այդ առճակատումը պիտի բարձրացնէ իր վարկը երկրի թէ ներսը եւ թէ դուրսը: Թուրքիոյ փոքր եղբայր Ատրպէյճանը եւս շքանշանի արժանի է՝ երկերեսանիութեան համար, քանի որ հանդէս եկաւ Իսրայէլի երկչոտ դատապարտումով, որպէսզի շարունակի զէնք գնել այդ երկրէն եւ նաւթ վաճառէ անոր: Ահա այսպիսի թուրք-ատրպեճանական զօրակցութիւն:
Ի հարկէ, տարիներ շարունակ Իսրայէլի կառավարութիւնը եւս գործած է միեւնոյն երկերեսանիութեամբ, ինչպէս Թուրքիոյ ղեկավարները: Հոլոքոստի վերանայման վերաբերեալ իւրաքանչիւր դրսեւորումի դէմ պայքարելուն զուգընթաց, Իսրայէլի իշխանութիւնները չեն զլացած աջակցիլ Թուրքիոյ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան: Սակայն հիմա, երբ Էրտողանը իր տենդագին ձայնը կը բարձրացնէ ընդդէմ Իսրայէլի, իսրայէլցիները կառչած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ դէմ իբրեւ զէնք օգտագործելու ընձեռուած հնարաւորութենէն: Հայերը պէտք է մերժեն նման կեղծաւորութիւնը: Իսրայէլի կառավարութիւնը անկեղծ չէր ոչ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ժխտելու, ոչ էլ հիմա՝ անոր ճանաչման գործին աջակցելու ժամանակ: Ամօթալի է քաղաքական աժանագին խաղեր խաղալ այնպիսի ահաւոր ու աղիտալի հիմնախնդրի մը հետ, ինչպիսին է Ցեղասպանութիւնը: Իսրայէլը եւ այլ պետութիւններ պէտք է ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը միայն մէկ պատճառով, որովհետեւ ատիկա բացարձակ ճշմարտութիւն է:
Առայժմ Թուրքիան միայն կը խօսի եւ ոչ մէկ գործողութիւն չի ձեռնարկեր պաղեստինեան հարցի ուղղութեամբ: Էրտողան Իսրայէլի դէմ իր բոցավառ ճառերէն այն կողմ չանցնիր: Եթէ ան անկեղծօրէն պաղեստինցիներուն պաշտպանելու կ՛ուզէ, ապա պէտք է ձեռնարկէ հետեւեալ քայլերը.
– Պէտք է չեղեալ յայտարարէ Իսրայէլի հետ բոլոր ռազմական կապերն ու պայմանագիրները,
-Անվաւեր պէտք է յայտարարէ Իսրայէլի հետ բացայայտ եւ գաղտնի բոլոր ռազմական եւ ռազմավարական, որոնց շարքին նաեւ՝ համատեղ-հետախուզական համաձայանագիրները,
– Պէտք է փակել Թուրքիոյ դեսպանատունը Թել Աւիւի եւ Իսրայէլի դեսպանատունը Անկարայի մէջ:
Անցեալ շաբաթուայ արիւնալի առճակատումէն ետք ներքին սուր տարաձայնութիւններ ի յայտ եկան Թուրքիոյ մէջ, երբ Էրտողան Իսրայէլը մեղադրեց Տասը պատուիրաններէն մէկը խախտելու մէջ: «Մի սպանէր» պատուիրանը թրքերէն արտասանելէ ետք Էրտողան կրկնեց զայն անգլերէն եւ եբրայերէն՝ համոզուելու համար, որ հրեաները հասկցան իր խօսքերը: Ի պատասխան, Ժողովրդահանրապետական ընդդիմադիր կուսակցութեան (CHP) նախագահ Քեմալ Քիլիչդարօղլուն թուրք հանրութեան դիմելով, յայտարարեց, որ Էրտողան ինքն ալ խախտած է ոչ թէ մէկ՝ այլ երկու պատուիրաններ. մի գողնար եւ սուտ մի խօսիր:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
խմբագիր