
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի մէջ հետազօտութիւններ իրականացնող հնագէտներու խումբը Յունիս 9ին Վայոց Ձորի տարածքին գտնուող «Թռչունների քարայր» կոչուած քարանձաւի մը մէջ յայտնաբերած է աշխարհի ամենահին կաշիէ կօշիկը, որ մօտ 5500 տարեկան է: Ըստ «Associated press»ի, կօշիկը «լցոնուած» է նոյն ժամանակաշրջանով թուագրուող ծղօտով եւ կարուած է աջ ոտքի համար։
«Սովորաբար մենք կը գտնենք միայն կոտրուած սափորներ, իսկ այս գտածոն մեզ հնարաւորութիւն կու տայ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս եղած է այդ դարաշրջանի մարդոց կենցաղը», ըսած է խումբի ղեկավար Ռոն Պինհասի (Իրլանտա):
Ըստ անոր, մինչեւ այդ գտածոն, Եւրասիա մայրցամաքի ամենահին կօշիկները համարուած են Ալպերի սառոյցներուն մէջ յայտնաբերուած մարդու կօշիկները (մօտ 5375 տարի), որոնք կարուած են եղջերուի եւ արջի կաշիով՝ քուղերով իրար միացուած կտորներով, իսկ Հայաստանի մէջ յայտնաբերուածը պատրաստուած է կովի կաշիի ամբողջական կտորէն: Անիկա նման է Եւրոպայի մէջ յայտնաբերուած աւելի ուշ շրջանի կօշիկներու, որ հնարաւորութիւն կու տայ ենթադրելու, թէ ոտնամաններ կարելու այս եղանակն ու ձեւը գոյութիւն ունեցած են հազարաւոր տարիներ առաջ:
Պինհասիի կարծիքով, կօշիկը հագցուած եւ պահուած է խնամքով, եւ հակառակ իր փոքր չափին, հաւանական է, որ անիկա պատկանած ըլլայ տղամարդու մը, հաշուի առնելով, որ այդ ժամանակաշրջանի մարդիկ յաղթանդամ չեն եղած:
Կօշիկը այժմ կը գտնուի Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին մէջ, սակայն հաւանաբար շուտով պիտի տարուի Զուիցերիա կամ Գերմանիա, ուր, պահպանման համար, պիտի ենթարկուի յատուկ մշակման, եւ այնուհետեւ կը վերադարձուի Հայաստան ու կը ցուցադրուի թանգարանին մէջ: Կօշիկը գտնողը եղած է հայ ուսանողուհի մը՝ Տիանա Զարդարեան անունով:

«Նիւ Եորք թայմզ», որ առաջին էջով հրապարակած է այս լուրը, կը յայտնէ, որ նոյն քարանձաւին մէջ յայտնաբերուած են նշաններ, որոնք կ՛ապացուցեն, որ այնտեղ եղած է գինի սարքելու գործարան:
«Նաշընըլ Ճիոկրաֆիք»ի տրամադրած միջոցներով կատարուող հնագիտական պեղումներու արշաւախումբի ղեկավար Պորիս Գասպարեանի համաձայն, քարանձաւին մէջ պահպանման պայմանները այնքան լաւ եղած են, որ լաւ վիճակի մէջ պահպանուած գտնուած են նաեւ մարդկային մարմնի մասեր:
«Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ կօշիկը յայտնաբերուած է 2008ի Սեպտեմբերին: Երկու տարիէ ի վեր Օքսֆորտի եւ Քալիֆորնիոյ գիտավերլուծարաններու մէջ ուսումնասիրութեան կ՛ենթարկուի ան:
«Կաշին ենթադրւում է, որ կովի է, սակայն վերջնական Տի.Էն.Էյ. փորձակում դեռեւս արուած չէ: Պորիս Գասպարեանը չի կասկածում, որ առաջիկայում աւելի մեծ սենսացիա (գայթակղութիւն-Խմբ.) կ՛ա-ռաջացնի մարդու ուղեղի կտորը, որը յայտանբերել են նոյն վայրից. այն այդ կօշիկից էլ հին է», կը տեղեկագրէ «Արմէնփրէս»:
Պեղումները 2007 թուականէն ի վեր կը կատարուին Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի եւ ամերիկեան ու իրլանդական հնագէտներէ բաղկացած արշավախումբին կողմէ:

Հայ-ամերիկեան-իրլանդական համատեղ այս արշավախումբի պեղումնրուն ընթացքին բացուած են բազմաթիւ շերտեր, ի յայտ եկած են շատ լաւ պահպանուած բազմաթիւ գտածոներ, որոնք կու գան մեր թուարկութենէն առաջ 4200 թուականէն մինչեւ 3500 թուականները: 5500 տարուայ կօշիկը հետագային պիտի ցուցադրուի Հայաստանի պատմութեան թանգարանի մէջ: Ըստ հնագէտներուն, չոր, մաքուր եւ բնական վիճակի մէջ գտնուող այս քարանձաւի մէջ յայտնաբերուած են նաեւ լաւ պահպանուած ցորեն, գարի, ծիրան ու այլ սննդամթերք: