ՕՇ, Ղրղզստան, «Էյ.Փի.».- Մինչ Իւզպեքիստանի իշխանութիւնները Երեքշաբթի, Յունիս 15ին պարտադրուեցան փակելու սահմանը Ղրղզստանէն ժամանող տասնեակ հազարաւոր իւզպեք գաղթականներուն դիմաց, Միջազգային Կարմիր խաչը հաղորդեց, թէ անցեալ շաբաթ հարաւային Ղրղզստանի մէջ սկսած խռովութիւնները «քանի մը հարիւր» զոհ խլած են, մինչ զոհերուն պաշտօնական թիւը 174 է:
Միւս կողմէ, ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովին բանբերը հաղորդեց, թէ փաստեր սկսած են հաստատելու Ղրղզստանի ներկայ իշխանութեանց այն պնդումները, թէ խռովութիւնները սկսած են իշխանութենէն եւ երկրէն հեռացուած Ղրղզստանի նախկին նախագահ Ղուրմանպեք Պաքիեւի համակիրներուն կողմէ:
Ներկայիս աւելի քան 200,000 քաղաքացիներ տեղահան եղած են: Անոնց մեծ մասը կը գտնուի Ղրղզստան-Իւզպեքիստան սահմանին վրայ, իսկ 45էն 80 հազար ուրիշներ կրցած են Իւզպեքիստան մուտք գործել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.