ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ու Իսրայէլի վերջին հակամարտութիւնը օրերէ ի վեր կը զբաղեցնէ միջազգային քաղաքական աշխարհը։ Ամերիկացի յայտնի լրագրող Սիմուր Հըրշ, որ «Նիւ Եորքըր» շաբաթաթերթի «Փուլիցըր» մրցանակակիր գրողներէն մէկն է, յայտարարութիւն մը ըրած է «Թաքվիմ» թերթին ու ըսած է, թէ Հայաստանն է որ շահաւոր կ՛ելլէ, եթէ Թուրքիոյ ու Իսրայէլի միջեւ հակամարտութիւնը աւելի խորանայ։
«Որովհետեւ, Ամերիկայի հրէական կազմակերպութիւնները, որքան ալ ընդունիլ չուզեն, պիտի ստիպուին զօրավիգ կանգնիլ 1915ի պատահարներու ճանաչման։ Անոնք արդէն իսկ սկսած են աշխատիլ կարգ մը հասարակաց կէտերու վրայ։ Երկիր մըն ալ, որ չի ցանկար, որ Թուրքիա յառաջդիմէ, Հայաստանն է», ըսած է Հըրշ։
Թրքական լրատու աղբիւրներ արձագանգ կը հանդիսանան նաեւ Հայաստանի ՀՅԴի անդամներէն Ժորժեթ Աւագեանի մէկ մեկնաբանութեան, ըստ որուն, Իսրայէլ Հայկական Ցեղասպանութեան խաղաքարտը յառաջ կը քշէ, ամէն անգամ, երբ Թուրքիոյ հետ լարուած կացութիւն ստեղծուի, սակայն զայն կը մոռնայ, երբ տագնապը լուծուի:
«Անմիջապէս, երբ կողմերը համաձայնութեան գան, պիտի մոռնան հայերու ողբերգութիւնը։ Իսրայէլի քաղաքագէտները, որոնք Թուրքիոյ հետ խնդիր ունենալ չեն ուզեր, Հայկական Հարցը օրակարգէն դուրս պիտի հանեն, մինչեւ նոր տագնապի մը ստեղծումը», ըսած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Ամերիկացի յայտնի լրագրող Սիմուր Հըրշի այս յայտարարութիւնն ալ ըստ իս պարզապէս խաղ մըն է որ կը ծառայէ Թուրք եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններու բարելաւման ջանքերուն :Գիտցէք որ Սիմուր Հըրշ ինքն այ Հրեայ մըն է:Տուրք եւ Հրեայ կառավարութիւնները կրնան վ ատ յարաբերութիւն ունենալ այս միջոցին բայց պետութիւններուն յարաբերութիւնները չեն աւրուիր քանի որ այս երկու պետութեան ալ արմատը նոյնն է եւ Հայոց ցեղասպանութեան մէջ Հրեաները շատ մեց թեր ունեցած են պատրաստելով եւ նոյնպէս հսկելով բոլոր ցեղասպանութեան ծրագիրը:
Ուստի հիմա Իսրայէլի կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման մասին ըրած յայտարարութիւնները պարզապէս քաղաքական խաղ մըն է:Մօտ օրէն յարաբերութիւնները կը լաւանան թուրքիոյ հետ եւ Իսրայէլ ալ կառնէ իր առաջուան դ իրքը: