ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Մերձաւոր Արեւելքին մէջ Թուրքիոյ աճող ազդեցութիւնը, նոյնիսկ մինչեւ Կազայի շուրջ Իսրայէլի հետ ծովային առճակատումը, որոշ արաբական երկրներու ստիպած էր սահմանափակել տեղի հայ համայնքներու քաղաքական իրաւունքները:
Մտավախութիւն կայ, թէ Կազայի հակամարտութիւնը, որ վարչապետ Էրտողանը հերոս դարձրուց, ամբողջ իսլամական աշխարհին մէջ յանգեցնէ հայկական գործունէութիւններու յաւելեալ սահմանափակումներու՝ զանոնք համարելով «հակաթրքական»:
Վերջին ամիսներուն, Յորդանանը, Լիբանանը եւ Սուրիան յատուկ քայլերու ձեռնարկած էին իրենց հայ քաղաքացիներու գործունէութիւնը սահմանափակելու ուղղութեամբ, կա՛մ Թուրքիոյ արձագանգէն մտահոգուած եւ կա՛մ թրքական իշխանութիւններու անմիջական ճնշման տակ:
Իբրեւ վառ օրինակ կրնայ ծառայել Յորդանանի կառավարութեան կողմէ ՀԲԸՄի Մերձաւոր Արեւելքի երիտասարդ մասնագէտներու համաժողովը չեղեալ յայտարարելը. համաժողովը տեղի պիտի ունենար Ամմանի մէջ, Յունիս 3էն 6ի միջեւ:
Թալին Սուճեան «The Armenian Weekly» շաբաթաթերթին յայտնած է, թէ Յորդանանի իշխանութիւնները իրենց մտահոգութիւնը արտայայտած են աշխարհի տարբեր մասերէն 150 հայ երիտասարդներու հաւաքին առթիւ: Սուճեան, որ հրաւիրուած էր ելոյթ ունենալու «Հրանդ Տինքի ժառանգութիւնը» եւ «Հայ համայնքը Թուրքիոյ Մէջ» թեմաներով, յայտարարած է, թէ համաժողովին նախորդ գիշերը միայն կազմակերպիչները տեղեկացած են, թէ «վերնախաւին» հրամանով՝ ժողովը չեղեալ համարուած է: Որոշ դիտորդներ ՀԲԸՄի համաժողովի չեղեալ յայտարարելը կը վերագրեն Ազատ առեւտուրի գօտի հաստատելու մասին համաձայանագիրին, որ պէտք է ստորագրուէր Յորդանանի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ, Յունիս 10ին: Այլ մեկնաբան մը մատնանշած էր այդ զաւեշտալի իրավիճակը, թէ՝ Թուրքիոյ մէջ հայկական համաժողովներու կայացումը կ՛արտօնուի, իսկ Յորդանանի մէջ՝ ո՛չ:
Այս տարուան սկզբը, երբ լիբանանեան պատկերասփիւռային անձնակազմ մը փորձած էր Սուրիա մտնել՝ նկարահանելու համար «Հայկական ջարդի տարածքը» Տէր Զօրի անապատին մէջ, սահմանապահները մերժած էին անոնց մուտքը արտօնել, հակառակ անոր, որ նկարահանումներու համար անոնք Սուրիոյ իշխանութիւններէն նախօրօք անհրաժեշտ թոյլտուութիւնը ստացած էին: Այս միջադէպը տեղի ունեցած է ամերիկեան CBS պատկերասփիւռի կայանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «60 վայրկեան» ծրագրի հեռարձակումէն կարճ ժամանակ ետք: Հաղորդման մէջ նկարուած են Տէր Զօրի անապատի աւազներէն դուրս ցցուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն ոսկորները: Թրքական իշխանութիւնները բողոք ներկայացուցած էին Սուրիոյ կառավարութեան՝ իրենց երկրին մէջ CBS-ի «հակաթրքական» ֆիլմը նկարահանելու արտօնութեան համար:
Երրորդ միջադէպը, անսպասելիօրէն տեղի ունեցաւ Լիբանան՝ Սփիւռքի ամէնէն ազդու հայկական համայնքի օրրանին մէջ: Զարմանալիօրէն, կառավարութեան պաշտօնեաները արգիլած էին սփռումը Այլին Խաչատրեանի «Զարթի՛ր որդեակ» երաժշտական տեսահոլովակը. Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանէն երգ մը, որ հալածանքներուն դիմակայելու կոչ կ՛ընէ: Թէեւ երգին մէջ Թուրքիոյ մասին ոչ մէկ յիշատակութիւն կայ, այնուհանդերձ Լիբանանի իշխանութիւնները մտահոգուած էին, թէ անիկա կրնայ բացասաբար ազդել լիբանանա-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ:
Ասոնք հայ քաղաքացիներուն ազատ արտայայտուելու իրաւունքի բացայայտ միջամտութեան մտահոգիչ օրինակներ են: Վերոնշեալ երեք երկիրներուն մէջ ալ հայերը հինէն ի վեր ջերմ յարաբերութիւններ ունեցած են համապատասխան իշխանութիւններուն հետ, որոնց կողմէ դիտուած են իբրեւ հաւատարիմ քաղաքացիներ: Տեղի հայկական համայնքներուն ղեկավարները՝ իբրեւ տուեալ երկիրներու քաղաքացիներ, պէտք է վճռականօրէն բողոքեն իրենց տարրական իրաւունքներու նման կամայական խախտումներուն դէմ: Անոնք պէտք է աշխատանք տանին իրենց համաքաղաքացիները իրազեկ պահելով տասնամեակներ շարունակ Թուրքիոյ կողմէ՝ իբրեւ Իսրայէլի մերձաւոր դաշնակիցի, արաբական շահերուն հասցուցած ահռելի վնասին մասին:
Հայերը պէտք է մատնանշեն, որ չնայած Էրտողանի հակաիսրայէլեան բոցաշունչ հռետորական ճառերուն, ան Իսրայէլի հետ կնքած 16 պայմանագիրներէն ոչ մէկը, ներառեալ՝ հետախուզական փոխանակութեան մասին պայմանագիրը, չեղեալ յայտարարած է՝ ըստ «Թուտէյզ Զաման» թերթի տուեալներուն: Անգարայի մէջ գործող Ռազմավարական հետազօտութիւններու միջազգային կազմակերպութեան ղեկավար Սետաթ Լաչիներ «Հիւրրիյէթ» թերթին յայտնած է, թէ երկու երկիրներու ռազմական ղեկավարները նաեւ շարք մը գաղտնի պայմանագիրներ ստորագրած են: Ըստ «Միտըլ Իսթ» ամսագիրին, Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ հետախուզական ծառայութիւնները «1950ական թուականներէն ի վեր կը համագործակցին տարածաշրջանին մէջ արմատական իսլամիստական խումբերու եւ Իրանի գաղտնի գործողութիւններուն դէմ պայքարին մէջ»: Աւելին, ինչպէս կը հաղորդուի, Թուրքիա արտօնած է Իսրայէլին «վերահսկել Սուրիոյ Զինուած ուժերուն զօրավարժութիւնները իր տարածքէն»: Բացի ատկէ, Թուրքիան 1.8 միլիառ տոլարի ռազմական պայմանագիրներ կնքած է Իսրայէլի հետ, իսկ երկու երկիրներուն միջեւ ընդհանուր ապրանքաշրջանառութեան ծաւալը 2009 թուականին հասած է 2.5 միլիառ տոլարի: Իսրայէլեան աւելի քան 900 մեծ ընկերութիւններ կը գործեն Թուրքիոյ մէջ, եւ 1000է աւելի փոքր արտահանողներ՝ առեւտրային կապէր հաստատած են Թուրքիոյ հետ:
Էրտողան ճարպիկօրէն օգտուեցաւ քաղաքական այն դատարկութենէն, որ յառաջացած էր պաղեստինեան ժողովուրդի իրավիճակին հանդէպ՝ արաբ ղեկավարներու անտարբերութենէն, անով իսկ բարձրացնելով ինչպէս իր, նոյնպէս ալ իր կուսակցութեան վարկանիշը՝ Սեպտեմբեր 12ի սահմանադրական հանրաքուէին եւ յաջորդ տարուան խորհրդարանական վճռորոշ ընտրութիւններու նախաշեմին: Ցաւալի է, որ արաբ ղեկավարները ամբողջութեամբ հրաժարած են իրենց պատասխանատուութենէն՝ թոյլ տալով, որ օտարը կրէ արաբական աշխարհի առաջնորդին տիտղոսը:
Մինչ վարչապետ Էրտողանի յառաջիկայ ամիս նախատեսուած այցելութիւնը Լիբանան, ուր որոշ լիբանանցիներ զայն կրնան ընդունիլ իբրեւ «անարժան» հերոս, տեղի հայերը պէտք է բացայայտեն պաղեստինցիներուն զօրակցելու անոր վարկածային թատերախաղը, ու համոզէն իրենց համաքաղաքացիները, թէ ան կը գործէ՝ մեկնած իր սեփական, եւ ոչ թէ՝ լիբանանեան շահերէն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
խմբագիր