ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Լաթվիոյ վարչապետ Վալտիս Տոմպրովսքիս Հինգշաբթի, Յունիս 17ին «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յաջորդ ամսուան սկիզբը մտադիր է Հայաստան, Ատրպէյճան, Վրաստան եւ Ուքրանիա այցելել։

Քլինթըն այս մէկը Լաթվիոյ վարչապետին փոխանցած է Երեքշաբթի օր կայացած երկկողմանի հանդիպման մը ընթացքին։