ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Մեր ընթերցողները, հաւանաբար, կը յիշեն, թէ 2007 թուականին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը ձեռնամուխ եղաւ միջազգային հրապարակային ճարպիկ հնարքի մը, երբ վերանորոգեց ու իբրեւ թանգարան վերաբացաւ Վանայ լիճի Ախթամար կղզիին վրայ գտնուող հայկական Ս. Խաչ եկեղեցին:
Այդ ժամանակ Թուրքիան ամէն ինչ ըրաւ՝ ամբողջ աշխարհի հայերը բացման արարողութեան ներգրաւելու համար: Թրքական իշխանութիւնները չէին թաքցներ, որ իրենց բուն նպատակը քարոզչական նպատակներով այս միջոցառման օգտագործումն էր: Նոյնիսկ նախքան «Սուրբ Խա»չ թանգարանի բացումը, Թուրքիոյ խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Ուաշինկթըն ժամանած էր՝ լուսանկարներու ստուարածաւալ ալպոմով մը: Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի այն ժամանակուան նախագահ Մեհմետ Տիւլկեր, հետեւեալ ուղերձով դիմած էր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներուն. «Տեսէ՛ք, թուրքերը, զորս դուք կը մեղադրէք Ցեղասպանութեան իրականացման համար, հայկական եկեղեցի կը վերանորոգեն թուրքերէն գանձուած հարկերուն հաշւոյն: Իսկ այս լուսանկարները անոր վառ ապացոյցն են»: Ըստ թրքական «Զաման» թերթին, լուսանկարներուն ալպոմը բաշխուած է աշխարհի այն բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք կը պաշտպանեն «Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումները»: Աւելին, Թուրքիան «Սուրբ Խա»չ թանգարանի բացման արարողութեան հրաւիրած էր այն բոլոր պետութիւններուն մշակոյթի նախարարները, որոնք ընդունած, կամ կը պատրաստուէին որոշումներ ընդունելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ:
2007ի Մարտ 22ին, խմբագրականիս մէջ պահանջած էի, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը «Ս. Խա»չը հաստատէ ոչ թէ իբրեւ թանգարան, այլ՝ եկեղեցի, խաչ տեղադրելով գմբէթին վրայ, եւ զայն յանձնէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին: Հակառակ պարագային, կոչ ըրի հայութեան, որ «պոյքոթ»ի ենթարկեն բացման արարողութիւնը՝ խուսափելու համար Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողական քարոզչութեան գործիք դառնալէն: Ի վերջոյ, թրքական քարոզչական ջանքերը յօդս ցնդեցան, որովհետեւ միայն բուռ մը սփիւռքահայեր ժամանեցին Վանայ լիճ, մասնակցելու համար արարողութեան:
Այժմ, երբ թրքական իշխանութիւնները դժկամօրէն արտօնութիւն կու տան միայն մէկ օրուան համար՝ 2010ի Սեպտեմբեր 19ին, եկեղեցական արարողութիւն իրականացնել եւ խաչ տեղադրել X դարի եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ, անոնք ձեռնամուխ կ՛ըլլան իրենց հրապարակային քարոզչութեան երկրորդ մասին: Աշխարհի թրքական բոլոր դեսպանատուներուն ու հիւպատոսութիւններուն յանձնարարուած է մեծ թիւով հայեր հրաւիրել այս միանգամեայ եկեղեցական արարողութեան՝ հետեւեալ երեք նպատակներուն հասնելու համար.
Նախ, միլիոնաւոր տոլարներու եկամուտ ստանալ Սեպտեմբեր 19ին սպասուող հինգ հազար զբօսաշրջիկներէն, ինչպէս նաեւ յաջորդ 12 ամիսներուն ժամանող մէկ միլիոն այցելուներէն. երկրորդ, հայերուն կողմէ զիջումներ ապահովել Անգարայի «վեհանձն ժեստի»ն դիմաց. իսկ երրորդ, քարոզչական միաւորներ շահիլ եւրոպացիներու ու ամերիկացիներու կողմէ՝ անոնց հրամցնելով հանդուրժող թուրք հասարակութեան կերպարը:
Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ եռանդուն Գլխաւոր հիւպատոս Հաքան Թեքին «Թուտէյզ Զաման» թերթին յայտնած է, որ «Քալիֆորնիոյ մէկ միլիոն հայերը» անհամբերութեամբ կը սպասեն մասնակցելու յառաջիկայի կրօնական արարողութեան: Անգարայի իր ղեկավարներուն մօտ լաւ տպաւորութիւն թողնելու նպատակով, Թեքին հպարտօրէն յայտարարած է, որ «եկեղեցական մէկօրեայ արարողութիւնը» Լոս Անճելըսի հայ համայնքին «իրարանցման» պատճառ դարձած է, ինչ որ, անկասկած, իր քրտնաջան աշխատանքին արգասիքն է: Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանը «փոխադարձ քայլերու» ձեռնարկէ՝ ի պատասխան Թուրքիոյ «կառուցողական քաղաքականութեան»: Թեքին նաեւ յուսով է, որ «կարգաւորման այսպիսի գործընթաց» էական ազդեցութիւն կ՛ունենայ Թուրքիոյ՝ հայկական Սփիւռքին հետ ունեցած յարաբերութիւններուն վրայ, «յատկապէս՝ Քալիֆորնիա ապրող հայերուն հետ, որոնք ակնյայտ են իրենց ծայրայեղ դիրքորոշումով»:
Որեւէ ջանք չխնայելով նախատեսուած «մէկօրեայ ծիսակատարութեան» հրապարակայնացման ուղղութեամբ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը ձեռնարկած է հետեւեալ նախապատրաստութիւններուն.
Արեւային յատուկ վահանակներ տեղադրուած են Ախթամար կղզիին վրայ, զբօսաշրջիկներուն Սուրբ Խաչ շուրջօրեայ այցը ապահովելու համար: Քանի որ կ՛ենթադրուի, թէ այդ օրերուն հիւրանոցները գերծանրաբեռնուած պիտի ըլլան, ուստի կը նախատեսուի զբօսաշրջիկները տեղաւորել Վանի դպրոցներուն եւ հանրակացարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ տեղի տուներուն մէջ:
Մեծ պաստարներ պիտի տեղադրուին եկեղեցիէն դուրս, որպէսզի սպասուող հազարաւոր այցելուները կարենան հետեւիլ արարողութեան, որովհետւ եկեղեցիին մէջ միայն 50 հաւատացեալ կրնայ տեղաւորուել:
Պիտի հրատարակուի 90էջանոց հայերէն ուղեցոյց:
Հայ-թրքական տասնօրեայ մշակութային փառատօն մը կը նախատեսուի Վանի մէջ:
Ըստ Վանի առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի նախագահին, հնարաւոր է քանի մը օրով բանալ սահմանը, որպէսզի զբօսաշրջիկները կարենան Հայաստանէն անմիջապէս անցնիլ Վան, այլ ոչ թէ Վրաստանի տարածքին վրայ տասնեակ ժամեր վատնեն Վան հասնելու համար:
Կոչ կ՛ընեմ ամբողջ հայութեան, որ «պոյքոթ»ի մատնէ այս նոր քարոզչական հնարքը, մինչեւ որ թրքական իշխանութիւնները ձեռնարկեն հետեւեալ քայլերուն.
1. Սուրբ Խաչը պաշտօնապէս հաստատեն իբրեւ եկեղեցի, եւ ոչ թէ թանգարան, զայն բանալով ամբողջ տարին գործող կրօնական արարողութիւններու համար, եւ ոչ թէ ընդամէնը մէկ օրով:
2. Եկեղեցին յանձնեն Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի իրաւասութեան, այլ ոչ թէ զբօսաշրջութեան նախարարութեան:
3. Արտօնեն Ս. պատարագի կանոնաւոր մատուցում, հայկական կրօնական ծիսակատարութիւններու համապատասխան՝ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ օծումէն յետոյ:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ժամանակաւոր տեղապահ արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեանը այն կրօնականն է, որ պէտք է այս պահանջները ներկայացնէ թրքական իշխանութիւններուն, որովհետեւ Սեպտեմբեր 19ին, առանց անոր մասնակցութեան կարելի չէ իրականացնել ո՛չ եկեղեցական արարողութիւն, եւ ոչ ալ թրքական քարոզչութիւն: Սակայն, հաշուի առնելով հայ համայնքի իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարման թրքական աւանդական քաղաքականութիւնը՝ շատ կասկածելի է, որ այս պահանջները բաւարարուին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
խմբագիր
Ազգօգութ յօդուած եւ անսակարկելի են բոլոր նիւթին իմաստը,
օգտագործողը ու յաջողութիւնը ընդամենը ի նպաստ մեր թշնամի
թուրքին է, թէ նիւթականով ու քաղաքականութեան հիմնան վրայ,
Յոդուածագիրը շատ պարզ օրէն յիշած է,նոյթականով միլեօներ
Տօլարներ պիտի գանձէ թուրքը ,կարիքը չունինք այդ Եկեղէցիին
այցելելու , ինչու այս ծրագիրը մէջտեղ բերին այս շրջանին,որ արդէն
տակաւին Արձանագրութիւներուն հարձը լուծուած չէ,ինչ կ’սպասէ
թուրքը ,դակարդի նմանող վնասակար է մեր Ժողորդին եթէ
վէրլուծենք բուն ծրագիրը,Քաղաքական իմաստով ինչպէս բոլոր
օտար երկիրներու դէսպաները հրաւիրեցին պաշտօնապէս
Եկեղեցին այցելելու , թուրքին խորամանկութեան հիմնան վրայ
որ Հայերը Հողային պահանջքեն վազ անցնին, այս ալ ահաւոր
խորունկ դակարդ մըն է․
Կը խնդրուի Հայրենիքի իշխանութիւներէն եւ Սփիւրքի բոլոր
կազմակերպութիւներեն ու միութիւներէն որ քաջալերեն այս
թշնամական թուրքին ծրագիրը, Հարիւր Տարի չ’տեսանք ,?
Հարիւր Տարի եւս կ’սպասենք․
ԿԷՑՑԷ Հ․Յ․Դ․
ԿԷՑՑԷ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՀԱՄԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻ
Ազգօգութ յօդուած եւ անսակարկելի են բոլոր նիւթին իմաստը,
օգտագործողը ու յաջողութիւնը ընդամենը ի նպաստ մեր թշնամի
թուրքին է, թէ նիւթականով ու քաղաքականութեան հիմնան վրայ,
Յոդուածագիրը շատ պարզ օրէն յիշած է,նոյթականով միլեօներ
Տօլարներ պիտի գանձէ թուրքը ,կարիքը չունինք այդ Եկեղէցիին
այցելելու , ինչու այս ծրագիրը մէջտեղ բերին այս շրջանին,որ արդէն
տակաւին Արձանագրութիւներուն հարձը լուծուած չէ,ինչ կ’սպասէ
թուրքը ,դակարդի նմանող վնասակար է մեր Ժողորդին եթէ
վէրլուծենք բուն ծրագիրը,Քաղաքական իմաստով ինչպէս բոլոր
օտար երկիրներու դէսպաները հրաւիրեցին պաշտօնապէս
Եկեղեցին այցելելու , թուրքին խորամանկութեան հիմնան վրայ
որ Հայերը Հողային պահանջքեն վազ անցնին, այս ալ ահաւոր
խորունկ դակարդ մըն է․
Կը խնդրուի Հայրենիքի իշխանութիւներէն եւ Սփիւրքի բոլոր
կազմակերպութիւներեն ու միութիւներէն որ չի քաջալերեն այս
թշնամական թուրքին ծրագիրը, Հարիւր Տարի չ’տեսանք ,?
Հարիւր Տարի եւս կ’սպասենք․
ԿԷՑՑԷ Հ․Յ․Դ․
ԿԷՑՑԷ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՀԱՄԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻ