ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեանի, Հարաւային Կովկաս իրենց կատարելիք այցելութեան ծիրէն ներս՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները Յուլիս 3ին շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենան Երեւանի մէջ:
Այցելութեան ընթացքին միջնորդները պիտի հանդիպին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: Մամլոյ քարտուղարը վստահ չէր, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները պիտի այցելեն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ, սակայն ըստ ատրպեճանական լրատուութեան անոնք Պաքու պիտի ժամանեն Յուլիս 5ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.