Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է ազատ արձակելու կալանքի տակ գտնուող լրագրողները՝ անընդունելի համարելով երկրին մէջ լրատուամիջոցներու նկատմամբ ճնշումները։
ԵԽԽՎի «Ատրպէյճանի ժողովրդավարական հաստատութիւններու գործունէութեան մասին» բանաձեւին մէջ, վեհաժողովը դատապարտած է լրագրողներու ձերբակալութիւններու, ահաբեկման եւ ֆիզիքական հաշուեհարդարի սպառնալիքներու պարագաները։
ԵԽԽՎն անդրադարձած է ահաբեկչութեան մեղադրանքով 8.5 տարի բանտարկութեան դատապարտուած լրագրող Էյնուլա Ֆաթուլայեւի պարագային։ Ապրիլին Եւրոպական դատարանը եզրակացուցած էր, թէ Ֆաթուլայեւ դատապարտելու որոշումը ապօրինի է, եւ ան պէտք է անյապաղ ազատ արձակուի, իսկ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պարտաւոր է լրագրողին իբրեւ փոխհատուցում՝ 25 հազար եուրօ վճարել։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, սակայն, դեռ չեն կատարած Եւրոպական դատարանին վճիռը։
«Ազատութեան ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հաղորդումով, վեհաժողովը մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ երիտասարդ գործիչներ Ատնան Հաջիզատէի եւ Էմին Միլլիի՝ խուլիկանութեան մեղադրանքներով՝ համապատասխանաբար 2.5 եւ 2 տարի բանտարկութեան դատապարտելու որոշումին գծով։
ԵԽԽՎի որդեգրած բանաձեւին մէջ մտահոգութիւն յայտնուած է նաեւ «Թալիշներու ձայն» թերթի գլխաւոր խմբագիր Նովրուզալի Մամատովի մահուան առնչութեամբ։ Պետական դաւաճանութեան մեղադրանքով 10 տարի բանտարկութեան դատապարտուած 68ամեայ Մամատով, անցեալ տարուան Օգոստոսին բանտին մէջ մահացած էր։
Նշելէ ետք, թէ լրատուամիջոցներու ազատութեան հետ կապուած իրավիճակը Ատրպէյճանի մէջ վատացած է, վեհաժողովը Ատրպէյճանի իշխանութիններուն կոչ ուղղած է ապաքրէականացնելու զրպարտութեան համար պատասխանատուութիւն սահմանող յօդուածները, իսկ Նոյեմբերին երկրին մէջ կատարուելիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին՝ լրատուամիջոցներու մէջ բազմակարծութեան եւ հաւաքներու ազատութեան համար պայմաններ ստեղծելու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.