ԵՐԵՒԱՆ, «7 Օր».- Ըստ Հարաւային Կովկասի երկիրներու հարցով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպիի, Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) կրնայ օգնել Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին: Ան յոյս յայտնած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու նախագահներուն յայտարարութիւնը նոր ազդակ կու տայ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին:
Սեմնեպիի խօսքերով, ԵՄ նոյնպէս պատրաստ է օգնութիւն ցուցաբերել, սակայն առանց փոխարինելու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի հովանիին տակ ընթացող հիմնական գործընթացը:
Բանակցային գործընթացի աշխուժացման տեսանկիւնէն, Փիթըր Սեմնեպի կարեւոր համարած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի այցելութիւնը Ատրպէյճան եւ Հայաստան: Ան համոզուած է, որ Հիլըրի Քլինթընի բանակցութիւններու օրակարգին հիմնական հարցը պիտի ըլլայ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.