ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յատկացումներու ենթայանձնախումբը հաստատած է 2011ի պիւտճէն, որուն համաձայն, Հայաստանը Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն իբրեւ տնտեսական օժանդակութիւն պիտի ստանայ 44 միլիոն տոլար, ինչ որ 4 միլիոնով նուազ է անցեալ տարուան գումարէն, սակայն 4 միլիոնով աւելի՝ կառավարութեան առաջարկած գումարէն։
Ղարաբաղին պիտի յատկացուի 10 միլիոն տոլար, ինչ որ 2 միլիոնով աւելի է քան անցեալ տարուան օժանդակութեան չափը։
Ենթայանձնախումբը որոշած է պահպանել Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին յատկացուող ռազմական օգնութեան հաւասարութիւնը՝ Երեւանին եւ Պաքուին յատկացնելով 3.5 միլիոն տոլար՝ իւրաքանչիւրին համար՝ իբրեւ ռազմական ֆինանսաւորում, եւ 450 հազար տոլար՝ ռազմական կրթութեան համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.