
Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը դատապարտած է Թուրքիոյ հեռարձակման վերահսկողութեան պետական կառոյցը՝ «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող «Թեքէ թեք» յայտագիրը փակելու որոշումին համար։
Նշենք, որ Թուրքիոյ հեռարձակման վերահսկողութեան պետական կառոյցը օրեր առաջ փակած էր Ֆաթիհ Ալթայլըի «Թեքէ թեք» յայտագիրը, որուն ընթացքին երբեմն ուղղակի սփռումով կը քննարկուէր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը։
Որոշումին պատճառ դարձած էր հաղորդումներէն մէկուն ընթացքին պոլսահայ ականաւոր լեզուաբան, գրող-հրապարակախօս Սեւան Նիշանեանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի առնչութեամբ՝ տեսակէտներու արտայայտումը։ Թուրքիոյ հեռարձակման վերահսկողութեան պետական կառոյցը իր որոշումին մէջ ընդգծած էր, որ Նիշանեանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հնչեցուած տեսակէտները «անցած են քննադատութեան բոլոր սահմանները», ինչպէս նաեւ կը պարունակեն «վիրաւորանքի» տարրեր։
Չեմ ուզէր սխալ հասկցուիլ բայց ըստ իս այդ յայտագրին բացուիլը լաւ եղաւ:Ասիկա ազատեց մեզ հայերս խայտառակ վիճակի մէջ իյնալէ թուրք համայնքին դիմաց:Յայտագիրը վառողները իթթիհատական մտայնութիւն ունեցող անցեր էին,նիշանեանի դէմին իրենց հանած պատմաբանն ալ նախկին թրքական պատմութեան ատեանի տնօրէնը Հ ալլաճողլուն էր որը ըստ իս պատմաբան մը չէ այլ թուրք պետութեան պատմական թէզի միսեոնարար մը:Նիշանեանի պատմական գիտութիւնը բաւարար չէր այդ անձերուն հետ դէմ դիմաց ելլելու:Յայտագիրն ալ ըստ իս այս նպատակով պատրաստուած խաղ մըն էր:Նիշանեան , վատ կացութեան մէջ կը մնար միշտ եւ կացութիւնը դիմացիներուն արհամարհելով փրկել կը ջանար:Անց մը եթէ ըսելիք բան մը չունի, կամ ալ եթէ գիտութիւնը բաւարար չէ այդ նիւթին վրայ խօսելու համար ուրեմն պէտք չէ որ հեռատեսիլի պաստառի վրայ ելլէ եւ խայտառակ ընէ թէ ինքզինքը եւ թէ հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը որ շատ փափուկ նիւթ մըն է:Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութիւնը բացատրելու եւ պաշտպանելու կարող շատ անձեր կան թէ հայ եւ կամ թուրք:Նիշանեանը հեռատեսիլի պաստառին վրայ հանել եւ հայոց ցեղասպանութեան պաշտպանութիւնը անել տալը ըստ իս յայտագիրը կառավարող եւ իթթիհատական մտայնութիւն ունեցողներուն մէգ ծրագիրն էր որպէսզի ցեղասպանութեան պնդումը խայտառակուի թուրք ժողովուրդին առջեւ :Այս պատճառով է որ կըսեմ թէ յայտարարութեան արգիլուիլը մեզի համար նպաստաւոր եղաւ: