ԳԱՀԻՐԷ.- Ըստ Գահիրէի Քաղաքական ժողովի ատենապետ տոքթ. Գէորգ Երզնկացեանի, Գահիրէի հայ ուղղափառ համայնքը 2010ի առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին ունեցած է 15 մահուան դէպքեր, 3՝ ամուսնութեան եւ 2՝ մկրտութեան:
«Պսակներէն երկուքը խառն ամուսնութիւն էին, իսկ մկրտութիւններու թիւը նուազած է՝ տրուած ըլլալով, որ անցեալ տասը տարիներու ընթացքին մկրտութիւններու թիւի միջինը տարեկան 15 մկրտութիւն էր», կ՛ըսէ Երզնկացեան: Գահիրէի Մար Մինա եւ Ամենայն Սրբոց գերեզմանատուներուն մէջ, Յունուար 1էն Յունիս 30 միջոցին, 15 անգամ թաղման արարողութիւն կատարուած է:
Գահիրէի առաջնորդարանի դիւանի տուեալներուն համաձայն, անցեալ տարուան ընթացքին, Գահիրէի ուղղափառ համայնքէն ներս մահացածներուն թիւը եղած է 24, իսկ 2008ին՝ 27:
Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ 2009ի ընթացքին կատարուած են 16 մկրտութիւն եւ 4 պսակադրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.