ՊՈԼԻՍ.- «Հրանդ Տինք» Միջազգային հիմնադրամը, «Մէկ Ցուցահանդէս եւ Մէկ Գիրք» նախագիծի ծիրէն ներս պիտի ներկայացնէ Պոլսոյ հայ ճարտարապետները:
Թրքական Internethaber-ի փոխանցումով, «Պոլիսը՝ 2010ի Եւրոպայի մշակութային մայրաքաղաք» ձեռնարկներու շրջանակէն ներս, 2010ի Նոյեմբերին, «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը պիտի ներկայացնէ պոլսահայ ճարտարապետները՝ «Պոլսահայ ճարտարապետները, եւ Պոլսոյ ճարտարապետութեան մէջ անոնց ներդրումը» ծրագիրով:
Նախագիծին մէջ պիտի ներկայացուին 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու սկիզբը Պոլսոյ մէջ ապրած եւ ճարտարապետական արժէքներ ստեղծած հայ ճարտարապետներու կեանքի ու անոնց ստեղծած շինութիւններու պատմութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.