
Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի տեսիլքով եւ առաջնորդութեամբ, 2007 տարուան ընթացքին խումբ մը նուիրեալ անհատներ հիմնեցին «Արարատ» պայմանագրեալ միութիւնը եւ սկսան աշխատակցելու Լոս Անճելըսի շրջանային միացեալ դպրոցներու (LAUSD) տնօրէնութեան հետ՝ ապահովելու համար պայմանագրեալ (Charter) դպրոցի մը բացման արտօնութիւնը Սան Ֆերնանտօ հովիտի կեդրոնական շրջանին մէջ:
Սեպտեմբեր 22, 2009ին, վարչական կազմը ստացաւ «Արարատ» պայմանագրեալ դպրոցը բանալու արտօնութիւնը: Սոյն դպրոցը բախտաւորուած է իր դպրոցավայրով Վեն Նայս քաղաքին (Van Nuys) մէջ՝ 6555 Սիլմարի (Sylmar) վրայ, եւ իր դռները պիտի բանայ Օգոստոս 31, 2010ին, մանկապարտէզէն մինչեւ երրորդ դասարան: Ապա, իւրաքանչիւր տարի յաջորդաբար պիտի աւելնան չորրորդ եւ հինգերորդ դասարանները: Պայմանագրեալ դպրոցները կը ներկայացնեն հանրային դպրոցներու մէկ այլ տարբերակը՝ անկախօրէն ղեկավարուած վարչական կազմով: «Արարատ» պայմանագրեալ դպրոցի վարչական կազմի անդամներն են՝
Գաբրիէլ Ինճէճիկեան՝ հիմնադիր անդամ, «Արարատ» միութեան ատենապետ եւ հիմնադիր տնօրէն՝ Ամերիկայի առաջին հայկական ամէնօրեայ դպրոցին:
Դոկտ. Պերճուհի Քուքէեան՝ նախկին վերահսկիչ (Superintendent) հանրային դպրոցներու եւ օգնական վերահսկիչ ուսումնական ծառայութիւններու:
Հերմինէ Մահսէրէճեան՝ համագործ ատենապետ, հիմնադիր անդամ, նախկին դպրոցի հոգեբան, համալսարանի դասախօս եւ հիմնադիրը հայկական դասաւանդութիւններու ծրագիրին՝ Քալիֆորնիոյ պետական համալսարան, Նորթրիճի մէջ:
Վահէ Մարգարեան՝ գանձապահ տնօրէն LAUSD-ի պայմանագրեալ դպրոցի:
Շաքէ Աւագեան՝ համագործ գանձապահ, հիմնադիր անդամ եւ դպրոցի հոգեբան:
Այտա Թաթէոսեան՝ քարտուղար համադրող (Coordinator of categorical programs) LAUSD-ի մէջ:
Դոկտ. Սիլվա Գարայեան՝ անդամ, համալսարանի դասատու եւ ատենապետ՝ մասնայատուկ ուսուցման բաժնի, Քալիֆորնիոյ Լուտերական համալսարանին մէջ:
Ռիտա Մահտեսեան՝ իրաւաբան հիմնադիր անդամ եւ քարտուղար «Արարատ» պայմանագրեալ միութեան:
Դոկտ. Անի Շահպազեան՝ անդամ, համալսարանի դասատու եւ տնօրէն՝ կանխամանկական ուսման «Լոյոլա Մէրիմաունթ» (Loyola Marymount) համալսարանին:
Ծնողներու մեծամասնութեան կողմէ պայմանագրեալ դպրոցներ ընտրելու դրդապատճառը անոնց իւրայատիւկ նկարագիրն է. այս դպրոցները զուրկ են աւանդական դպրոցներու կաշկանդումներէն եւ ունին գերազանց կարողութիւն աւելի ազդու դառնալու, քան աւանդական պետական դպրոցները: Իբրեւ ընտրուած դպրոց, պայմանագրեալ դպրոցները պատասխանատու են բարձր մակարդակի ուսում ջամբելու եւ կը փակուին, եթէ ձախողին ցուցաբերել աշակերտներու ակադեմական բարձր նուաճումներու արդիւնքը: Նմանապէս, երբ այս դպրոցները յաջողին, կը ծառայեն իբրեւ օրինակելի նմոյշ ուսումնական համայնքին եւ անոնց, որոնք կը փափաքին բանալ պայմանագրեալ դպրոցներ:
Արդարեւ, «Արարատ» պայմանագրեալ դպրոցը, հանրային դպրոց ըլլալով՝ զուրկ է կրթաթոշակէ եւ ստիպուած է ընդունելու ոեւէ դիմող աշակերտ, պայմանաւ, որ տեղ ունենայ: Եթէ աշակերտներու արձանագրութիւնները գերազանցեն դպրոցի շէնքին հնարաւորութեան, ապա աշակերտները պիտի ընտրուին հանրային վիճակահանութեամբ: «Արարատ» պայմանագրեալ դպրոցի առաքելութիւնը կը կայանայ աշակերտներու թաքուն կարողութիւնները լաւագոյնս զարգացնելու մէջ, այնպիսի շրջապատէ մը ներս, ուր կը քաջալերուի ակադեմական սքանչելիութիւնը, կ՛արժեւորուի մշակութային եւ լեզուական այլազանութիւնն ու ստեղծագործական արտայայտութիւնը: «Արարատ» պայմանագրեալ դպրոցի բոլոր ծրագիրներու առաջնահերթ նպատակակէտը կը կայանայ ամբողջական աշակերտը զարգացնելու եւ աճեցնելու մէջ:
«Արարատ» պայմանագրեալ դպրոցը արտակարգ եւ բացառիկ դպրոց մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ հետեւեալը պիտի հայթայթէ.
– Ապահով եւ անվտանգ միջավայր.
– Շատ մը պետական դպրոցներէ աւելի փոքր դպրոց.
– Անհատականացուած ուսումնական ծրագիր եւ փոքր թիւով աշակերտներ դասարաններուն մէջ.
– Դպրոցական երկար օր եւ տարի.
– Որակաւոր յաւելուած ծրագիրներ դպրոցէ ետք:
– Անհատապէս սորվեցնելու ծրագիրներ.
– Ակադեմական ուժեղ դասընթացքներ՝ լեզուի ուսողութեան, գիտութեան եւ ընկերային գիտութիւններու մէջ.
– Բարձրորակ վկայեալ ուսուցիչներ.
– Տեղեկութեան գիտարուեստ (technology).
– Առիթ՝ հայերէն եւ սպաներէն լեզուները սորվելու.
– Տարբեր մշակոյթներու գնահատում.
– Լաւ սովորութիւններ անհատի ֆիզիքական կարողութեան եւ առողջութեան մէջ.
– Նկարագրի ուսուցում.
Այս բացառիկ եւ արդիական դպրոցը յաճախելը այժմ հնարաւոր է: «Արարատ» պայմանագրեալ դպրոցի աշակերտութիւնը առանձնաշնորհումը պիտի ունենայ ստանալու բարձր մակարդակի յաւելեալ ծրագիրներ, մթնոլորտի մը մէջ, որ ոչ միայն ապահով եւ անվտանգ է, այլ նաեւ հնարաւորութիւնը ունի հայթայթելու բարձրագոյն որակաւոր ուսում:
Ծնողներ, որոնք հետաքրքրուած են իրենց զաւակները արձանագրելով «Արարատ» պայմանագրեալ դպրոցը, հաճին դիմել վարչական կազմի քարտուղար Այտա Թաթէոսեանի: Հեռաձայն՝ (818) 321-2462, ե-նամակ՝ atatioss@lausd.net:
Իսկապէս երախտապարտ ենք «Արարատ» պայմանագրեալ միութեան հոգաբարձութեան, Լոս Անճելըսի շրջանային միացեալ դպրոցներու (LAUSD) տնօրէնութեան եւ համայն գաղութիս՝ անաչառ նեցուկ ստացած ըլլալու համար, նաեւ կը փափաքինք ձեզ մասնակից դարձնել «Արարատ» պայմանագրեալ դպրոցի յառաջիկայ շարունակական յաջողութիւններուն: